Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀ.Յ.Դ. մամ­լոյ դի­ւա­նը կը հա­ղոր­դէ, որ ­Շա­բաթ՝ 7 ­Մա­յիս 2016ին, ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­պան­տեան հան­դի­պում ու­նե­ցած է Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Խոր­հուր­դի նա­խա­գահ, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ ­

Յա­կոբ ­Տէր-­Խա­չա­տու­րեա­նի գլխա­ւո­րած ­Կեդ­րո­նա­կան ­Խոր­հուր­դի եւ շրջա­նա­յին յանձ­նա­խում­բե­րու եւ գրա­սե­նեակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, ո­րոնք յա­տուկ այս ա­ռի­թով Ե­րե­ւան ե­կած են:

­Հան­դի­պու­մին կը մաս­նակ­ցէին ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ­ներն ու գլխա­ւոր քար­տու­ղա­րը, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի եւ Հ.Յ.Դ. ­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­րա­գոյն ­Մարմ­նի ան­դամ­ներ:
­Նա­խա­րար ­Նալ­պան­տեան ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բե­րու ան­դամ­նե­րուն հան­գա­մա­նա­ւոր կեր­պով ներ­կա­յա­ցու­ցած է Ար­ցա­խի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի սան­ձա­զեր­ծած լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց հե­տե­ւանք­նե­րուն յաղ­թա­հար­ման ուղ­ղո­ւած ջան­քե­րը: Ա­պա՝ ան պա­տաս­խա­նած է ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու եւ գրա­սե­նեակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու բազ­մա­թիւ հար­ցում­նե­րուն:

Անդ­րա­դառ­նա­լով բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի հե­ռան­կար­նե­րուն` ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը ը­սած է.- «Այս պա­հուն հա­ւա­նա­կան հան­դի­պում­նե­րը կրնան ուղղուիլ Ապ­րի­լի սկիզ­բին Ար­ցա­խի դէմ Ատրպէյ­ճա­նի յար­ձակ­ման կրկնու­թեան բա­ցառ­ման, ­Ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիին մէջ 1994-1995 թո­ւա­կա­նի զի­նա­դա­դա­րի հաս­տատ­ման եւ ամ­րապնդ­ման վե­րա­բե­րեալ ե­ռա­կողմ ան­ժամ­կէտ հա­մա­ձայ­նագ­րու­թեանց ան­վե­րա­պահ կա­տար­ման նպա­տա­կով հա­մա­պա­տաս­խան մե­քա­նիզմ­նե­րու, մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու ստեղծ­ման, զի­նա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րուն հե­տաքն­նու­թեան մե­քա­նիզ­մի ներդր­ման զու­գա­հեռ: Այդ քայ­լե­րը հա­մա­պա­տաս­խան պայ­ման­ներ կը ստեղ­ծեն բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար»:

Անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման, հայ­րե­նի­քի տնտե­սա­կան զար­գաց­ման ա­ջակ­ցու­թեան, ինչ­պէս նաեւ` հա­մա­հայ­կա­կան օ­րա­կար­գի այլ հար­ցե­րու:
Այս ա­ռի­թով քննար­կո­ւած են հայ­րե­նիք-սփիւռք կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման նպա­տա­կով ձեռ­նար­կո­ւող քայ­լե­րը:

­Հան­դիպ­ման մաս­նա­կից­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կած են երկ­կողմ եւ բազ­մա­կողմ ձե­ւա­չա­փե­րով ­Հա­յաս­տա­նի կի­րար­կած ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ: Անդրա­դարձ կա­տա­րո­ւած է նաեւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ի­րա­վի­ճա­կին, ­Սու­րիա­կան ճգնա­ժա­մին, ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ մի­ջազ­գա­յին պայ­քա­րի եւ հրա­տապ մի­ջազ­գա­յին ու շրջա­նա­յին այլ խնդիր­նե­րու:
­Հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է այս ձե­ւա­չա­փով հան­դի­պում­նե­րու մա­սին պար­բե­րա­բար հա­ղոր­դում­ներ կա­տա­րե­լու գծով:

­Խորհր­դակ­ցու­թեան ա­ւար­տին, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ ­Յա­կոբ ­Տէր-­Խա­չա­տու­րեան ը­սած է.- «Օգ­տա­կար խորհրդակցութիւն էր, որ պէտք է ա­ւե­լի յաճա­խա­կի դառ­նայ: Ան­ցեալ տա­րուընէ հա­մա­ձայ­նած էինք նման խորհրդակ­ցու­թիւն վերսկ­սե­լու շուրջ, սա­կայն թեք­նիք պատ­ճառ­նե­րով ա­տի­կա տե­ղի ու­նե­ցաւ այ­սօր: ­Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն գու­մա­րո­ւե­լիք ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու եւ գրա­սե­նեակ­նե­րու հա­մա­ժո­ղո­վը վստահ եմ, որ կ­՚օգ­տո­ւի այ­սօ­րուան խորհրդակ­ցու­թիւն­նե­րէն»: