Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, 5 ­Մա­յի­սի իր նիս­տին, հա­մա­ձայ­նու­թիւն տո­ւաւ Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­ներ ­Զա­րու­հի ­Փոս­տան­ջեա­նի եւ Հ­րանտ ­Բագ­րա­տեա­նի կող­մէ օ­րէնսդ­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան կար­գով ներ­կա­յա­ցո­ւած՝ «Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­

տու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու մա­սին» օ­րի­նա­գի­ծին վե­րա­բե­րող եզ­րա­կա­ցու­թեան նա­խա­գի­ծին:

­Կա­ռա­վա­րու­թեան եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը ստա­նա­լէ ետք, նա­խա­գի­ծը, սահ­մա­նո­ւած կար­գով, պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի խորհր­դա­րա­նին` առ ի քննար­կում: Ա­նի­կա ու­նի եր­կու յօ­դո­ւած` «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կը ճանչ­նայ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը» եւ «­Սոյն օ­րէն­քը ու­ժի մէջ կը մտնէ պաշ­տօ­նա­կան հրա­պա­րակ­ման օ­րո­ւան յա­ջոր­դող օ­րը»:

«­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցո­ւած օ­րէն­քի նա­խա­գի­ծին ըն­դու­նու­մը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մի­ջեւ քննար­կում­նե­րու ար­դիւնք­նե­րով` նկա­տի առ­նե­լով հե­տա­գայ զար­գա­ցում­նե­րը, ո­րոնց մէջ նաեւ ար­տա­քին գոր­ծօն­նե­րը: ­Միա­ժա­մա­նակ կը յայտ­նենք, որ ներ­կա­յա­ցո­ւած օ­րէն­քի նա­խա­գի­ծը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վին մէջ քննար­կե­լու ըն­թաց­քին յա­րա­կից զե­կու­ցու­մով հան­դէս կու գայ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ ­Շա­ւարշ ­Քո­չա­րեա­նը»,- գրո­ւած է, մաս­նա­ւո­րա­պէս, օ­րի­նա­գի­ծին հետ նոյն թղթած­րա­րին մէջ կա­ռա­վա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քին մէջ հրա­պա­րա­կո­ւած Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ ­Գա­լուստ ­Սա­հա­կեա­նին յղո­ւած վար­չա­պետ ­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նին նա­մա­կին մէջ:

­Յի­շեց­նենք, որ ի պա­տաս­խան ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տին օ­րա­կար­գին վրայ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թիւ­նը ճանչ­ցող օ­րի­նա­գի­ծի ընդգրկ­ման գծով պաշ­տօ­նա­կան ­Պա­քո­ւի ջղագր­գիռ ար­ձա­գան­գին` պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նը հեր­քած է, թէ կը պատ­րաս­տո­ւի հա­մա­ձայ­նու­թիւն տա­լու նա­խա­գի­ծին: «­Կա­ռա­վա­րու­թեան օ­րա­կար­գին մէջ նե­րառուած է հա­մա­ձայ­նու­թիւն տա­լը ո՛չ թէ օ­րէն­քի նա­խա­գի­ծին, այլ կա­ռա­վա­րու­թեան եզ­րա­կա­ցու­թեան:

Իսկ հա­մա­ձայն եզ­րա­կա­ցու­թեան, ճա­նա­չու­մը պայ­մա­նա­ւորո­ւած է ի­րա­վի­ճա­կի հե­տա­գայ զար­գա­ցում­նե­րով: Ե­թէ Ատր­պէյ­ճան ծա­ւա­լէ զի­նո­ւո­րա­կան նոր գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ճա­նաչ­ման հար­ցը կը մտնէ օ­րա­կարգ»,- յայ­տա­րա­րած էր ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար ­Շա­ւարշ ­Քո­չա­րեան:
Ա­ռայժմ յայտ­նի չէ, թէ նա­խա­գի­ծը ե՞րբ կը բե­րո­ւի խորհր­դա­րա­նի օ­րա­կար­գին վրայ:

­Նիս­տին յա­ջոր­դած զրոյ­ցի ըն­թաց­քին՝ Շ. ­Քո­չա­րեան վե­րա­հաս­տա­տած է ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան դիր­քո­րո­շու­մը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման գծով. «Ինչ կը վե­րա­բե­րի բուն ճա­նաչ­ման խնդի­րին, ա­պա մեր դիր­քո­րո­շու­մը շատ յստակ է, որ ե­թէ Ատր­պէյ­ճան փոր­ձէ խու­սա­փիլ զի­նա­դա­դա­րի հաս­տատ­ման դրու­թե­նէն եւ նոր գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ծա­ւա­լէ, կը մտնէ օ­րա­կարգ»:

­Պա­տաս­խա­նե­լով լրագ­րող­նե­րու այն հար­ցու­մին, թէ Ար­ցա­խի ճա­նա­չու­մը չի՞ տա­պա­լեր տագ­նա­պի լուծ­ման ­Մինս­քի գոր­ծըն­թա­ցը` ­Քո­չա­րեան ը­սած է.- «­Մինս­քի գոր­ծըն­թա­ցի ա­ւար­տին կ­՚ա­ռաջ­նոր­դեն Ատրպէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րը եւ ոչ թէ մեր ի­րա­ւա­կան քայ­լե­րը»: