Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան ­Մա­յիս 5ի նիս­տէն ետք, տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Ար­ծո­ւիկ ­Մի­նա­սեան լրագ­րող­նե­րու հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ պա­տե­րազ­մա­կան շրջա­նին տնտե­սու­թեան վի­ճա­կին ու հար­կա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան:

 

Ըստ նա­խա­րա­րին՝ հար­կա­յին մար­մի­նը ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տած է հար­կե­րու հա­ւաք­ման մէջ: Ապ­րիլ ա­մի­սը նաեւ շա­հու­թա­հար­կի գծով կան­խավ­ճար­նե­րու վճար­ման ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւածն է, այ­սինքն` քա­նի մը գոր­ծօն­նե­րու զու­գակ­ցու­մով` հար­կա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ար­դիւ­նա­ւէտ կա­տա­րո­ւած է:

«Ատր­պէյ­ճա­նա­կան ագ­րե­սիան (յար­ձա­կու­մը), ո­րի նպա­տակն էր, ի վեր­ջոյ, նաեւ հա­րո­ւած հասց­նել մեր տնտե­սա­կան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րին, լիո­վին ձա­խո­ղո­ւել է, եւ դրա ա­պա­ցոյց­նե­րից մէկն էլ հար­կա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լոր­տում ար­ձա­նագ­րո­ւած ցու­ցա­նիշ­ներն են: Ատր­պէյ­ճա­նա­կան ագ­րե­սիան իր նպա­տա­կին չի հա­սել նաեւ տնտե­սու­թեան մա­սով»,- ը­սած է Ար­ծո­ւիկ ­Մի­նա­սեան:

­Հար­ցու­մին, թէ այ­սօր ­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թիւ­նը պատ­րա՞ստ է պա­տե­րազ­մին, նա­խա­րա­րը պա­տաս­խա­նեց.- «Ա­յո՛, կարճ կ’ա­սեմ` պատ­րաստ է»: