Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԱպ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ըն­դու­նած էին Ս­տե­փա­նա­կեր­տը ռմբա­կո­ծե­լու մա­սին Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րին կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը եւ պատ­րաս­տո­ւած նման զար­գաց­ման պա­

րա­գա­յին հա­կա­հա­րո­ւած տա­լու:

Այս մա­սին Ար­ցա­խի ­Հան­րա­յին ­Հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան եւ «­Մե­դիա­տոն» ըն­կե­րու­թեան տուած հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին յայտ­նած է Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան:

«Ըն­դու­նել ենք այդ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը եւ ան­յա­պաղ պատ­րաս­տո­ւել ենք նման զար­գաց­ման: ­Կաս­կա­ծի առ­նել նրանց նպա­տակ­նե­րը, կը նշա­նա­կի մենք շա­րու­նա­կում ենք մնալ մո­լո­րո­ւած վի­ճա­կում: Դպրո­ցում սպան­նո­ւած մեր ե­րե­խան, մեր գլխատուած տղա­նե­րի մար­մին­նե­րը, ի­րենց բնա­կա­րա­նում գնդա­կա­հա­րո­ւած մեր 90ա­մեայ ծնող­նե­րը եւ միւս վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը փաս­տում են, որ նրանք հեր­թա­կան ան­գամ գա­լիս էին գլխա­տե­լու մեզ բո­լո­րիս, յօ­շո­տե­լու մեր նախ­նի­նե­րի գե­րեզ­ման­նե­րը, բռնա­բա­րե­լու մեր կա­նանց եւ քոյ­րե­րին: ­Հե­տե­ւա­բար, գտնում եմ, որ մենք պար­տա­ւոր ենք հա­մար­ժէք ո­րա­կում­ներ տալ նրանց գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րին, մեր հե­տա­գայ բո­լոր մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նել այդ դա­ժան ճշմար­տու­թիւ­նից ել­նե­լով»,- յայ­տա­րա­րած է ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան:

Ան դի­տել տո­ւած է, որ այդ յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ետք ինք հրա­ման տո­ւած է կրա­կա­յին դիր­քե­րուն վրայ տե­ղադ­րե­լու մեր զե­նի­թահր­թի­ռա­յին հա­մա­կար­գե­րը, հա­մա­զար­կա­յին կրա­կի հա­կազ­դե­ցիկ հա­մա­կար­գե­րը, հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գե­րը, ո­րոնց կար­գին՝ հե­ռա­հար կա­րո­ղա­կա­նու­թեամբ հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գե­րը:
«Ե­թէ Ադր­բե­ջա­նը նման քայ­լի դի­մէ, ան­յա­պաղ կրակ էինք բա­ցե­լու, եւ այդ պա­տաս­խա­նը նման զար­գաց­ման դէպ­քում կը լի­նէր հա­մար­ժէք»,- հաս­տա­տած է նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան։

­Նա­խա­գա­հը նաեւ ը­սած է, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ հո­ղե­րու յանձ­նում պի­տի չըլ­լայ: «Ես տե­ղեակ եմ հո­ղե­րի վե­րա­դար­ձի հետ կա­պո­ւած քննար­կում­նե­րի, մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րի մա­սին, կը ցան­կա­նա­յի, որ դա­դա­րեց­նենք ան­հիմն քննար­կում­նե­րը»,- խոր­հուրդ տո­ւած է ան:

­Նա­խա­գա­հը յոր­դո­րած է ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի տե­սա­կէտ­նե­րուն եւ մօ­տե­ցում­նե­րուն մի­ջեւ հա­կա­սու­թիւն­ներ գտնե­լու աշ­խա­տանք չտա­նիլ։ «Անհ­րա­ժեշտ է դա­դա­րել հա­կա­սու­թիւն­ներ փնտռել ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի տե­սա­կէտ­նե­րի մի­ջեւ: Այդ­պի­սի բան չի կա­րող լի­նել: ­Մենք գործ ու­նենք հա­մազ­գա­յին նշա­նա­կու­թեան խնդրի հետ, չենք կա­րող ու­նե­նալ հա­կա­սու­թիւն­ներ:

­Մենք ի­րա­կա­նաց­նում ենք հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք­ներ եւ դեռ այս պա­հի դրու­թեամբ չենք ստա­ցել Ադր­բե­ջա­նի կող­մից ա­ռա­ջին եւ հիմ­նա­կան պա­տաս­խա­նը՝ ըն­դու­նում են նրանք մեր ան­կա­խու­թիւ­նը, թէ չէ: Ե­թէ չէ, ա­պա այն, ինչ քննարկ­ւում է, այն, ինչ խօս­ւում է, առ ո­չինչ է»,- ը­սած է ան։

­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը նաեւ կա­րե­ւոր նկա­տած է, որ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կէ Ատր­պէյ­ճա­նի նկատ­մամբ իր վե­րա­բե­րու­մը։ «Այն, ինչ տեղ է գտել Ադր­բե­ջա­նի կեան­քում, ոչ-պա­կաս վտան­գա­ւոր է, քան այն, ինչ մենք տես­նում ենք աշ­խար­հի տար­բեր ծայ­րե­րում յատ­կա­պէս ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րի, ա­հա­բե­կիչ­նե­րի հետ կա­պուած»,- ը­սած է ան:

­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան նշած է, որ ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին եւ ան­կէ ետք, մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ար­ձա­գան­գը ոչ մէկ ձե­ւով բա­ւա­րար կը նկա­տո­ւի, դի­պուկ գնա­հա­տա­կան­ներ չեն տրուած, այլ միայն եր­կու կող­մե­րուն կո­չեր ուղ­ղո­ւած են։