Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԱն­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւա­նի մէջ սկիզբ ա­ռաւ «Ընդ­դէմ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան» երկ­րորդ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վը: ­Հա­մա­ժո­ղո­վը կեդ­րո­նա­ցաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած ողջ ան­ձե­րու եւ գաղ­թա­կան­նե­րու խնդիր­նե­րուն վրայ:

­Մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վը բաղ­կա­ցած էր հիմ­նա­կան 4 բա­ժին­նե­րէ:

­Հա­մա­ժո­ղո­վին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան, որ­մէ ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ բարձ­րաս­տի­ճան երկ­խօ­սու­թիւն:

­Նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան իր խօս­քին մէջ նշեց, թէ ա­ռա­ջին հա­մա­ժո­ղո­վէն մէկ տա­րի ետք, այ­սօր կա­րե­լի է ը­սել, որ ա­նի­կա յա­ջո­ղե­ցաւ եւ լայն ար­ձա­գանգ գտաւ ոչ միայն մաս­նա­գի­տա­կան շրջա­նակ­նե­րու, այլ նաեւ բազ­մա­հա­զար մար­դոց շրջա­նակ­նե­րուն մէջ: Ա­նի­կա ա­ռիթ դար­ձաւ, որ աշ­խար­հը ան­գամ մը եւս խօ­սի մար­դա­ծին ծան­րա­գոյն չա­րի­քին` ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին:

Անդ­րա­դառ­նա­լով ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի դէմ կա­տարուած ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն՝ նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան ը­սաւ.- «­Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը՝ մենք, պէտք է նոյն­քան ա­րագ եւ վճռա­կա­նօ­րէն ար­մա­տա­խիլ ը­նենք ցե­ղաս­պա­նա­ծին այ­սօ­րի­նակ ե­րե­ւոյթ­նե­րը, ուր ալ դրսե­ւո­րո­ւին ա­նոնք, ինչ­պէս քա­նի մը օր ա­ռաջ ը­րին ­Շո­ւէ­տի իշ­խա­նու­թիւն­ներն ու հա­սա­րա­կու­թիւ­նը՝ թուրք ազ­գայ­նա­կան ­Պար­պա­րոս ­Լէյ­լա­նիի կող­մէ հա­յե­րու նկատ­մամբ ա­տե­լու­թեան քա­րոզ­չու­թեան հա­մար: Ա­սի­կա կը պա­հան­ջէ հա­մախմ­բո­ւած աշ­խա­տանք, եր­բեմն աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան շա­հե­րու ստո­րա­դա­սում, ե­րե­ւոյթ­նե­րու յստակ ու հաս­ցէա­ւոր դա­տա­պար­տում»:

­Ա­ւար­տին, «Ընդ­դէմ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան» հա­մաշ­խար­հա­յին հա­ւա­քը ըն­դու­նեց եզ­րա­փա­կիչ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը:

­Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կ­՛ը­սո­ւի, թէ ո­րո­շո­ւած է յա­ջորդ հան­դի­պու­մը գու­մա­րել ապ­րիլ 2018ին՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ: