Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altԿի­րա­կի՝ 24 Ապ­րի­լին, ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­

րին մէջ, յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­ցին 1915ին Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած մե­ծա­գոյն ո­ճի­րին` ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին:

­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի ան­մար կրա­կին մօտ, Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կո­սի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ՝ Սրբոց ­Նա­հա­տա­կաց բա­րե­խօ­սա­կան յա­տուկ կարգ կա­տա­րեց հո­գե­ւոր դա­սը, ներ­կա­նե­րը մէկ վայր­կեան լռու­թեամբ յար­գե­ցին նա­հա­տա­կո­ւած 1,5 մի­լիոն հա­յե­րուն յի­շա­տա­կը:

­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի բար­ձունք ե­կած էին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան՝ Իր կնոջ ­Ռի­թա ­Սարգ­սեա­նի հետ, օ­րէնս­դիր եւ գոր­ծա­դիր մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, զի­նեալ ու­ժե­րու բարձ­րա­գոյն սպա­յա­կազ­մը, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւն­նե­րու, հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ:

­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեանց բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի բար­ձունք ե­կած էին նաեւ աշ­խար­հահռ­չակ հայ եր­գիչ ­Շարլ Ազ­նա­ւուր, հո­լի­վու­տեան հան­րա­ծա­նօթ դե­րա­սան ­Ճորճ Ք­լու­նի, «Աւ­րո­րա» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան յա­ւակ­նորդ­ներն ու մաս­նա­կից­նե­րը, «Ընդ­դէմ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան» հա­մաշ­խար­հա­յին երկ­րորդ հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը:

­Պաշ­տօ­նա­կան բարձ­րաս­տի­ճան այ­ցե­լու­նե­րէն բա­ցի, Ապ­րիլ 24ի ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն մին­չեւ ե­րե­կոյ, բազ­մա­հա­զար հա­յոր­դի­ներ այ­ցե­լե­ցին ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի բար­ձունք` ի­րենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցա­նե­լու հա­յու­թեան մէ­կու­կէս մի­լիոն սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին:

Ապ­րիլ 24ին յի­շա­տա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի բո­լոր շրջան­նե­րուն: ­Հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր թե­մե­րուն մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցան պա­տա­րագ­ներ: