Երեւանի մէջ «Աւրորա» մրցանակը շնորհուեցաւ պուրունտացի մարդասէր Մարկարիթ Պարանքիցէին՝ այն բացառիկ օգտակա
րութեան համար, որ ան ունեցած է Պուրունտիի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն՝ փրկելով հազարաւոր կեանքեր եւ խնամելով որբեր ու գաղթականներ:
«Աւրորա» մրցանակի յանձնումի արարողութեան ժամանակ մրցանակը Պարանքիցէին յանձնեց ընտրող յանձնախումբի համանախագահ, հանրածանօթ հոլիվուտեան դերասան Ճորճ Քլունի: Մրցանակի դափնեկիրը պիտի ստանայ հարիւր հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ եւ նուիրատուութեան շղթան շարունակելու կարելիութիւն՝ 1 միլիոն ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհի ներկայացնելով իրեն ոգեշնչած մարդասիրական կազմակերպութիւնները:
«Աւրորա» մրցանակը «100 LIVES»ի նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Վարդան Գրիգորեանի, Նուպար Աֆէեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի մարդասիրական ձեռնարկն է, որ կը շնորհուի Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու անունով, իբրեւ երախտագիտութիւն անոնց, որոնք փրկութեան ձեռք երկարեցին հայ ժողովուրդին:
Մրցանակին պիտի արժանանայ մերօրեայ այն հերոսը, որ կ՚օգնէ մարդոց՝ անձնուիրաբար եւ բացառիկ ջանքերով: Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին շնորհուեցաւ նաեւ «Սկզբունքային լրագրութիւն» խրախուսական մրցանակը, որ ճշդուած է Լրագրողներու Միջազգային Կեդրոնի (ICFJ) եւ «100 LIVES»ի նախաձեռնութեան կողմէ:
Մրցանակը տրուած է «Նիւ Եորք Թայմզ»ի թղթակից Ռուքմինի Քալիմաքիին` մարդկութեան դէմ իրականացուած ոճիրները բացայայտելու գործին մէջ ցուցաբերած բացառիկ նուիրումին համար: