Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ու ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան, 19 Ապ­րի­լին, Ար­ցա­խի մէջ այ­ցե­լած են պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կը եւ պար­գեւ­ներ յանձ­նած են՝ 2-5 Ապ­րի­լին թշնա­միի սան­

ձա­զեր­ծած ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց ըն­թաց­քին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի պե­տա­կան սահ­մա­նը պաշտ­պա­նե­լու ա­տեն ցու­ցա­բե­րո­ւած ա­րու­թեան ու խի­զա­խու­թեան հա­մար։ Հ.Հ. եւ Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գահ­նե­րը պե­տա­կան պար­գեւ­ներ՝ ա­ռա­ջին եւ երկ­րորդ աս­տի­ճա­նի «­Մար­տա­կան խաչ» շքան­շան­ներ, «Ա­րիու­թեան մե­տալ» եւ «­Մար­տա­կան ծա­ռա­յու­թեան» շքանշան յանձ­նած են զօ­րա­մա­սե­րու հրա­մա­նա­տար­նե­րուն եւ խումբ մը զի­նո­ւոր­նե­րու:

­Նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է հայ­րե­նի­քի զի­նո­ւոր­նե­րուն եւ ան­փոր­ձանք ծա­ռա­յու­թիւն մաղ­թած ա­նոնց:
«­Դուք ան­գամ մը եւս ցոյց տո­ւիք բո­լո­րին, թէ ո՛վ է հայ զի­նո­ւո­րը, ո՛վ է հայ­րե­նի­քի զի­նո­ւո­րը: Երբ անհ­րա­ժեշտ է կռո­ւիլ, դուք կը դառ­նաք ա­մէ­նէն կար­գա­պահ, ա­մէ­նէն հնա­րա­միտ եւ ա­մէ­նէն մար­տու­նակ զի­նո­ւո­րը:

­Տա­րի­ներ ա­ռաջ ես ը­սած եմ, որ ե­թէ մենք պար­տադ­րո­ւած ըլ­լանք պա­տե­րազ­մե­լու, ա­պա այ­սօ­րո­ւան զի­նո­ւորն ու սպան պի­տի կռո­ւին ոչ պա­կաս քաջ, քան ի­րենց հայ­րե­րը, ի­րենց պա­պե­րը, ի­րենց ա­ւագ ըն­կեր­նե­րը: ­Դուք ա­պա­ցու­ցե­ցիք, որ շատ ա­ւե­լի մար­տու­նակ էք, շատ ա­ւե­լի քաջ էք, շատ ա­ւե­լի տո­կուն էք: ­Ժա­մա­նակ­նե­րը կը փո­խո­ւին, կը փո­խո­ւին պա­տե­րազ­մե­լու մի­ջոց­նե­րը, բայց բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան ո­րակ­նե­րը կը մնան նոյ­նը: ­Կը մնան նոյ­նը ու կը յաղ­թեն: ­Զի­նո­ւո­րը հա­կա­ռա­կոր­դին բան չու­նի ը­սե­լու. զի­նո­ւո­րը հա­կա­ռա­կոր­դին իր ը­սե­լի­քը կ­՛ը­սէ պա­տե­րազ­մի դաշ­տին վրայ, եւ փա՛ռք ձե­զի, ի դէմս ձեզ` մեր բո­լոր սպա­նե­րուն ու զի­նո­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք կրցան ի­րենց ը­սե­լի­քը ը­սել:

Այդ դա­ժան օ­րե­րուն ոե­ւէ հայ զի­նուոր ու սպայ չէ լքած իր մար­տա­կան դիր­քը, նո­ւի­րու­մով կռո­ւած է մին­չեւ վերջ: Ինչ­պէ՞ս չհպար­տա­նաս այն զի­նո­ւո­րով, որ, կրա­կե­լով մին­չեւ վեր­ջին փամ­փուշ­տը եւ ըլ­լա­լով վի­րա­ւոր, նռնակ կը պայ­թեց­նէ, որ­պէս­զի ի­րեն հետ տա­նի նաեւ հա­կա­ռա­կոր­դին զի­նո­ւոր­նե­րը: Ինչ­պէ՞ս հնա­րա­միտ չա­նո­ւա­նես այն զի­նո­ւո­րը, որ նռնա­կա­նե­տէ կրա­կած եւ ոչն­չա­ցու­ցած է ուղ­ղա­թիռ: Ինչ­պէ՞ս չհպար­տա­նաս այն զի­նո­ւո­րով, որ մար­տի ըն­թաց­քին շար­քէն դուրս կը հա­նէ հա­կա­ռա­կոր­դի հինգ զրա­հա­մե­քե­նայ:

«­Մե­զի հա­մար թանկ է իւ­րա­քան­չիւր զի­նո­ւո­րի, իւ­րա­քան­չիւր սպա­յի կեան­քը, իսկ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ի­րենց քա­ղա­քա­կան նկրտում­նե­րուն յա­գուրդ տա­լու հա­մար պատ­րաստ են մա­հո­ւան բե­րան ու­ղար­կե­լու հա­րիւ­րա­ւոր, հա­զա­րա­ւոր զի­նո­ւոր­ներ:
«­Փա՛ռք ձե­զի, հայ­րե­նի­քի զի­նո­ւոր­ներ, փա՛ռք մեր նա­հա­տակ­նե­րուն, փա՛ռք մեր զօր­քին: Ես նոյ­նիսկ մէկ վայր­կեան չեմ կաս­կա­ծիր, որ մենք բո­լորս միա­սին, իւ­րա­քան­չիւրս պի­տի կա­տա­րենք հայ­րե­նի­քի զի­նո­ւո­րի պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը, իսկ այդ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը սուրբ են:

«Ան­փոր­ձանք ծա­ռա­յու­թիւն կը մաղ­թեմ: ­Փա՛ռք ձեր ծնող­նե­րուն, փա՛ռք այն ըն­տա­նիք­նե­րուն, ուր դուք ծնած եւ դաս­տիա­րա­կո­ւած էք, փա՛ռք ձեր ու­սու­ցիչ­նե­րուն: Շ­նոր­հա­կալ եմ»,- իր խօս­քին մէջ ը­սած է նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան:

­Հայ­կա­կան զոյգ հան­րա­պե­տու­թեանց նա­խա­գահ­նե­րը, այ­նու­հե­տեւ, այ­ցե­լած են Ս­տե­փա­նա­կեր­տի կեդ­րո­նա­կան զի­նո­ւո­րա­կան հի­ւան­դա­նոց, ուր բու­ժում կը ստա­նայ «Ա­րիու­թեան մե­տալ»ով պար­գե­ւատ­րո­ւած զի­նո­ւոր, կրտսեր քսա­նա­պետ Վ­րէժ Բզնու­նի: ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը ա­նոր յանձ­նած է պե­տա­կան բարձր պար­գե­ւը, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած եւ մաղ­թած շու­տա­փոյթ ա­պա­քի­նում: ­Նա­խա­գահ­ներ ­Սերժ ­Սարգ­սեան եւ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան նաեւ այ­ցե­լած են բու­ժո­ւող միւս զի­նո­ւոր­նե­րուն: