Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանցիներու եւ այցելուներու համար արդէն 7րդ տարին է, որ ձմրան ամիսներուն իր դռները կը բանaaայ Կարապի լիճի սահադաշտը, որուն բացումը նշանաւորուած է մարզահամերգային գեղեցիկ ծրագիրով ու հաճելի անակնկալներով:

Նշենք, որ սահադաշտը՝ գեղասահքի սիրահարներու եւ պարզապէս աշխոյժ ժամանց նախընտրողներու համար պիտի գործէ ամէն օր, ժամը 11էն 4, այնուհետեւ պիտի կատարուին մաքրութեան աշխատանքներ: Այնտեղ պիտի գործէ նաեւ սրճարան։