Ռուսիոյ Դաշնութեան Օրէնպուրգ քաղաքի հայկական համայնքը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Արցախին՝ պաշտպանութեան բանակին համար ձեռք բերելով «Վազ» մակնիշի մարդատար եւ շտապօգնութեան 4 մեքենայ:
Այսօր Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, Օրէնպուրգէն ժամանած հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն կողմէ՝ Լ.Ղ.Հ. պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ զօրավար-գնդապետ Սամուէլ Կարապետեանին յանձնուած են մեքենաներուն բանալիները:
Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսաստանի հայ համայնքին, մասնաւորապէս Օրէնպուրգի հայութեան՝ իրենց աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:
Մեքենաներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակից Լ.Ղ.Հ. վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, Լ.Ղ.Հ. իշխանութեանց անունով շնորհակալութիւն յայտնելով Օրէնպուրգի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն՝ նշած է.- «Հայաստանի սահմանը սկսւում է Արցախի առաջնագծից. այն յուսալի կերպով պաշտպանւում է հայ զինուորի կողմից:
Մենք աւելի ամուր ենք նաեւ Արցախի հանդէպ սփիւռքահայութեան կողմից ցուցաբերուած սրտացաւ վերաբերմունքի շնորհիւ»: Վարչապետը նաեւ ընդգծած է, որ այս օրերուն Ռուսիոյ մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն կողմէ պաշտպանութեան բանակին համար մեքենաներու արդէն չորրորդ խմբաքանակը կը ստանան: