Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն Կուսակցութեան համանախագահ Սալահէտտին Տեմիրթաշի դէմ նոր դատ մը բացուած է, այս անգամ՝ սեւ-ծովեան Կիրեսուն նահանգի համանուն համալսարանի ատրպէյճանական ծագումով վարիչ Այկիւն Աթթարի եւ թուրք իրաւաբան Ալի Չելիքայայի կողմէ։
Անոնք Տեմիրթաշը կ՛ամբաստանեն Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 216րդ եւ 304րդ յօդուածները խախտելուն համար, այսինքն՝ ժողովուրդին մէջ ատելութիւն եւ թշնամութիւն սերմանելու եւ պետութեան դէմ պատերազմ հրահրելու յանցանքներով։
Հայցին մէջ նշուած է.- «Տեմիրթաշ իր Ռուսիա այցելութեան ընթացքին անդրադարձած է Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն եւ Ղարաբաղի մասին արտայայտուած է՝ զայն «Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Հանրապետութիւն» կոչելով, ինչ որ ճիշդ չէ, քանի որ Ղարաբաղի մէջ երբե՛ք ինքնավար հանրապետութիւն չէ ստեղծուած»։
Հոն քննադատուած են նաեւ Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմական օդանաւի զգետնումին եւ Քոպանիի դէպքերուն վերաբերեալ Տեմիրթաշի կատարած «ոչ-ուղղափառ» յայտարարութիւնները: