Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­­altՀա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­­­Սերժ ­­­Սարգ­սեան 18 Ապ­րի­լին աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն տո­ւած է ­­­Լեռ­նա­յին ­­­Ղա­րա­բա­ղի ­­­Հան­րա­պե­տու­թիւն:

Ս­տե­փա­նա­կեր­տի օ­դա­կա­յա­նին մէջ զայն դի­մա­ւո­րած են ­­­Լեռ­նա­յին ­­­Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գահ ­­­Բա­կօ ­­­Սա­հա­կեան, հայ­կա­կան զոյգ հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ: ­­­Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան, ­նա­խա­գահ ­­Սերժ ­­Սարգ­սեան Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գահ ­­Բա­կօ ­­Սա­հա­կեա­նի հետ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցած է ­պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի բարձ­րա­գոյն սպա­յա­կան կազ­մին հետ:

Քննարկուած է բա­նա­կա­շի­նու­թեանն առն­չո­ւող հար­ցե­րու լայն շրջա­նակ: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ Հ.Հ. նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի հա­սա­րա­կու­թեան եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թիւ­նը:

Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան գլխա­ւոր վար­չու­թիւ­նը կը տե­ղե­կաց­նէ, որ նա­խա­գահ ­­Սա­հա­կեան նշած է, որ Լ.Ղ.Հ. պաշտ­պա­նու­նա­կու­թեան ամ­րապն­դու­մը եւ բա­նա­կի մար­տա­կան պատ­րաս­տո­ւա­ծու­թեան մա­կար­դա­կի շա­րու­նա­կա­կան բարձ­րա­ցու­մը այ­սու­հե­տեւ պի­տի ըլ­լայ պե­տու­թեան առ­ջեւ ծա­ռա­ցած կա­րե­ւո­րա­գոյն խնդիր­նե­րը: