Ապրիլ 14ի երեկոյեան, աւարտելով երկօրեայ այցը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս վերադարձան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին: Այս մասին կը տեղեկանանք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական ծառայութենէն:
Այցի ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումներու եւ արարողութեանց ժամանակ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը իրենց զօրակցու
թիւնը յայտնեցին Լ.Ղ.Հ. իշխանութիւններուն, Արցախի ժողովուրդին ու պաշտպանութեան բանակին՝ աղօթելով, որ Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ Արցախ աշխարհին:
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Արցախին փոխանցած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի եւ անոր թեմերուն կողմէ հանգանակուած հինգ հարիւր հազար տոլարի գումար մը: Նոյնքան գումար Արամ Ա Կաթողիկոս փոխանցած է նոյն նպատակին համար՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անոր թեմերուն կողմէ:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի կոչերով կազմակերպուած հանգանակութիւնները կը շարունակուին թեմերուն մէջ: