Ծանրամարտի Հայաստանի հաւաքականները 17 Ապրիլի ուշ գիշերը վերադարձան Նորվեկիայի Ֆորդէ քաղաքէն, ուր տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցաշարը։ Մեր ծանրորդները փայլուն ներկայացում ունեցան՝ գրաւելով
առաջին տեղը:
Երեւանի Զուարթնոց օդանաւակայանը հոծ բազմութիւն հաւաքուած էր: Մարզասէրները եկած էին դիմաւորելու հայ ծանրորդները:
Բուռն ծափողջիւններու եւ հայրենասիրական վանկարկումներու ներքոյ՝ հայ ծանրորդները մտան սպասման սրահ, ուր անոնց առաջինը դիմաւորեցին Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան ու Հ.Հ. մարզական եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան։
Հայաստանի մարզական ոլորտի պատասխանատուներէն ստանալով առաջին շնորհաւորանքներն ու դափնեպսակները՝ հայ ծանրորդներն արագօրէն շրջապատուեցան իրենց սպասող հարազատներով եւ մարզասէրներով։
Հայ ծանրորդները նուաճեցին 8 ոսկի, 7 արծաթ եւ 3 պրոնզ մետալ: Հայաստանի կանանց հաւաքականը 449 միաւորով դարձաւ Եւրոպայի խումբի առաջնութեան յաղթող, իսկ տղոց հաւաքականը երկրորդն է։
Կանանց հաւաքականի կազմին մէջ Եւրոպայի ախոյեան դարձան Հռիփսիմէ Խուրշուդեան եւ Նազիկ Աւտալեան: Սոնա Պօղոսեանը 4րդ տեղը գրաւեց, Արփինէ Դալալեան՝ 6րդ, Աննա Գովելեան՝ 9րդ, Իզապելլա Եայլեան՝ 10րդ, եւ Քրիստինէ Պետրոսեան՝ 5րդ:
Ծանրամարտի Հայաստանի տղոց հաւաքականի անդամ Անդրանիկ Կարապետեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան, իսկ Տիգրան Մարտիրոսեան՝ Եւրոպայի առաջնութեան փոխ-ախոյեան։