Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հինգշաբթի՝ 14 Ապրիլին, Ռուսիոյ քաղաքացիներուն հետ «ուղիղ կապ»ի ժամանակ հարցումի մը պատասխանելով՝ յայտարարեց, որ իր երկիրը շահագրգռուած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին լուծումով, սակայն վերջնական որոշումը
պէտք է կայացնեն կողմերը:
«(Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը) շատ զգայուն նիւթ է, եւ ինծի կը թուի, որ պէտք է շատ զգոյշ մօտենանք այդ նիւթին: Ատիկա վաղեմի խնդիր է, վաղեմի տագնապ է: Անիկա սառեցուած վիճակի մէջ էր: Ցաւօք, տեղի ունեցաւ բռնութեան այդ պոռթկումը, եւ մենք պիտի ընենք ամէն ինչ, որպէսզի լուծենք զայն, գտնենք երկու կողմերուն համար ընդունելի լուծում: Ի հարկէ, այստեղ անհրաժեշտ են Ղարաբաղի վերաբերեալ երկարաժամկէտ լուծումներ:
Անոնք կրնան ձեռք բերուիլ բացառապէս, կ՛ուզեմ ընդգծել, քաղաքական միջոցներով: Պէտք է գտնել փոխ-զիջում: Ինծի կը թուէր, որ մենք քանի մը տարի առաջ մօտեցած էինք այդ փոխ-զիջումը գտնելուն, սակայն ի յայտ եկաւ, որ ցաւօք, ատիկա այդպէս չէ»,- ըսաւ Վլատիմիր Փութին:
Ան աւելցուց, որ Ռուսիա պիտի աշխատի միջազգային կառոյցներու ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցով գործունէութիւնը երկկողմ կարգով: «Ռուսիա, ո՛վ որ ալ ինչ ըսէ, շահագրգռուած է այդ խնդրի լուծման հարցով, որովհետեւ մենք կ՛ուզենք լիարժէքօրէն աշխատիլ թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ ալ Հայաստանի հետ»,- յայտնեց Փութին: