Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Ռու­սաս­տա­նաբ­նակ բա­րե­րար­ներ ­Կա­րէն ­Խա­չատ­րեա­նի եւ Ար­թուր ­Վար­ժա­պե­տեա­նի կող­մէ՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կին նո­ւի­րո­ւած է մար­դա­տար եւ շտապ օգ­նու­թեան «­Նի­ւա» եւ «Ո­ւազ» մակ­նի­շի 17 ինք­նա­շարժ­ներ, ո­րոնց բա­նա­լի­նե­րը 12 Ապ­րի­լին Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ­Վե­րած­նուն­դի հրա­պա­րա­կին վրայ բա­

նա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը յանձ­նած է Ար­ցա­խի հե­րոս բա­նա­կա­յին­նե­րու:

­Բա­րե­րար­նե­րը «­Նի­ւա» մակ­նի­շի ինք­նա­շարժ­ներ նո­ւի­րած են բա­նա­կա­յին­ներ ­Մա­րատ ­Պետ­րո­սեա­նին, ­Նա­րեկ ­Մալ­խա­սեա­նին եւ ­Գէորգ ­Մա­նու­կեա­նին, ո­րոնք այս օ­րե­րուն հա­կա­ռա­կոր­դին նա­խա­յար­ձակ գոր­ծո­ղու­թեանց ըն­թաց­քին կո­ծած են ատր­պէյ­ճա­նա­կան 2 ուղ­ղա­թիռ, 5 հրա­սայլ եւ 1 ՀՄՄ: ­Բա­նա­լի­նե­րը ան­ձամբ հաս­ցէա­տէ­րե­րուն յանձ­նած եւ զա­նոնք շնոր­հա­ւո­րած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը՝ զօ­րա­վար ­Լե­ւոն Մ­նա­ցա­կա­նեան: ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի վար­չա­պետ Ա­րա ­Յա­րու­թիւ­նեան՝ շնոր­հա­ւո­րե­լով զի­նո­ւոր­նե­րը, ը­սած է.- «Հ­պար­տա­նում ենք ձեզ­նով եւ մեր բո­լոր այն հա­յոր­դի­նե­րով, ով­քեր այս օ­րե­րին ա­պա­ցու­ցե­ցին, որ ­Հա­յաս­տա­նը յա­ւերժ է եւ Ար­ցա­խը մնա­լու է հայ­կա­կան, այդ ա­մէ­նը ի­րա­կա­նու­թիւն է դառ­նում եւ դար­ձել ձեզ նման տղա­նե­րի շնոր­հիւ»:

­Զի­նո­ւոր ­Մա­րատ ­Պետ­րո­սեան, որ պա­տե­րազ­մա­կան օ­րե­րուն ոչն­չա­ցու­ցած է հա­կա­ռա­կոր­դի 5 հրա­սայլ եւ 1 ՀՄՄ, լրագ­րող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին յայտ­նած է.- «Երբ խո­ցում էի թշնա­մու տան­կե­րը, այդ պա­հին մտա­ծում էի թշնա­մուն թոյլ չտալ թէ­կուզ մէկ մեթր ա­ռաջ գա­լու:

Ես իմ պարտքն եմ կա­տա­րել: Այ­սօր էլ պատ­րաստ եմ պաշտ­պա­նե­լու իմ հայ­րե­նի­քը ու ա­մուր պա­հե­լու մեր սահ­ման­նե­րը: ­Հի­մա ա­ւե­լի փոր­ձա­ռու եմ դար­ձել: Ու­զում եմ բո­լոր հայ մայ­րե­րին կոչ ա­նել, որ նրանք միշտ հան­գիստ ու ան­հոգ լի­նեն, ո­րով­հե­տեւ մենք ա­մուր կանգ­նած ենք դիր­քե­րում»: