Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԵ­րեք­շաբ­թի՝ 12 Ապ­րիլ 2016ի ա­ռա­ւօ­տուն, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան, Ե­րե­ւա­նի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ, հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կո­սին եւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին հետ:

­Նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ­նե­րը տե­ղեակ պա­հեց Ար­ցա­խի առնչուած վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն մա­սին:

­Գա­րե­գին Բ. եւ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ­նե­րը յա­նուն հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի ու ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեանց իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ հա­յոց ա­րի բա­նա­կին:

­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ար­ծար­ծո­ւե­ցան նաեւ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ­նե­րուն Ար­ցախ կա­տա­րե­լիք յա­ռա­ջի­կայ այ­ցե­լու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր: