Print
Category: Հայաստան-Արցախ

alt11 Ապ­րի­լին, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ կարգ մը լրագ­րող­նե­րու հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին, Ար­ցա­խի հե­րոս զօ­րա­վար Ար­կա­դի ­Տէր-­Թա­դե­ւո­սեան հաս­տա­տած է, որ ինք Ար­ցախ կը գտնո­ւի ո՛չ թէ սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ կանգ­նած հայ զի­նո­ւո­րը քա­ջա­լե­րե­լու, այլ

ներ­կա­յաց­նե­լու ծրա­գիր մը՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ հա­մախմ­բե­լու տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ ապ­րող ռազ­մա­կան փոր­ձա­գէտ­ներ ու զօ­րա­վար­ներ, որ­պէս­զի սահ­մա­նա­գիծ եր­թա­լու պատ­րաս­տա­կամ ան­ձե­րը վե­րա­պատ­րաս­տեն։ Այս մա­սին գրած է լրագ­րող Ա­նոյշ Ա­միր­բե­կեան։

«Ու­սում­նա­կան կենտ­րոն ենք ու­զում ստեղ­ծել ­Հա­յաս­տա­նում, այս կերպ մենք լրա­ցու­ցիչ օգ­նու­թիւն ենք ա­ռա­ջար­կում, որ­պէս­զի մար­տու­նա­կու­թիւ­նը բարձ­րա­նայ յատ­կա­պէս ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րի շրջա­նում: Ի­րենք նետ­ւում են մար­տի դաշտ, բայց վա­ղուց չեն կրա­կել, նրանց պէտք է նա­խա­պատ­րաս­տել, նոր ու­ղար­կել»,- յայ­տա­րա­րած է ան։

­Բարձր գնա­հա­տե­լով ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րուն եւ ամ­բողջ ազ­գին պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ ան նշած է, որ մար­տի դաշ­տին վրայ գլխա­ւո­րը ո՛չ թէ զի­նուոր­նե­րուն թիւն է, այլ՝ ո­րա­կը, իսկ իր ներ­կա­յա­ցու­ցած ծրա­գի­րը այդ նպա­տա­կին կը ծա­ռա­յէ։

Ար­կա­դի ­Տէր-­Թա­դե­ւո­սեան ա­ւել­ցու­ցած է, որ նա­մակ յղած է աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ ապ­րող հայ զօ­րա­վար­նե­րուն, ե­ղած են նոյ­նիսկ ար­ձա­գան­գող­ներ, նաեւ հրա­ւէր կայ եր­թա­լու ար­տերկիր, սա­կայն այս հար­ցին վե­րա­բե­րող ո­րե­ւէ քննար­կում պէտք է տե­ղի ու­նե­նայ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ շեշ­տած է զօ­րա­վա­րը։ «Այժմ մենք պէտք է ի­մա­նանք, թէ կոնկ­րետ ինչ կա­րող են ա­նել ար­ձա­գան­գող­նե­րը, պէտք է պատ­րաս­տո­ւել: Ես չգի­տեմ՝ կը շա­րու­նա­կո­ւի՞ պա­տե­րազ­մը, թէ՞ ոչ, բայց պէտք է պատ­րաս­տո­ւել: ­Մենք ու­զում ենք օգ­նել բա­նա­կին»,- եզ­րա­փա­կած է ան։

Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք աշ­խար­հաս­փիւռ հայ զօ­րա­վար­նե­րուն եւ ռազ­մա­կան փոր­ձա­գէտ­նե­րուն ուղ­ղո­ւած նա­մա­կը.-
«­Յար­գե­լի՛ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան գե­նե­րալ­ներ եւ ռազ­մա­կան փոր­ձա­գէտ­ներ,
«Այ­սօր հա­յու­թեան առ­ջեւ ծա­ռա­ցել են կե­նաց-մա­հու խնդիր­ներ: ­Փան­թուր­քիզ­մը փոր­ձեց եւ շա­րու­նա­կե­լու է փոր­ձել՝ ծնկի բե­րե­լու հայ ժո­ղովր­դին, ո­րով­հե­տեւ ­Հա­յաս­տա­նը եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բաղն են այդ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան կեան­քի կոչ­ման հիմ­նա­կան խո­չըն­դոտ­նե­րից մէ­կը:

Ի­րենց իւ­րա­յա­տուկ վայ­րա­գու­թեամբ եւ նեն­գու­թեամբ, օգ­տա­գոր­ծե­լով բո­լոր տե­սա­կի զի­նեալ­նե­րին եւ զի­նա­տե­սակ­նե­րը, Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան զի­նեալ­նե­րից սկսած մին­չեւ սմեր­չեր, յար­ձա­կո­ւե­ցին սահ­մա­նին կանգ­նած հայ զի­նո­ւո­րի վրայ: Չ­նա­յած գոր­ծադ­րած բո­լոր ջան­քե­րին՝ հայ զի­նո­ւո­րը դի­մագ­րա­ւեց եւ յաղ­թեց, զո­հո­ւեց, բայց չընկր­կեց: «­Շա­տերն ի­րենց կեան­քը նո­ւի­րա­բե­րե­ցին հա­յոց աշ­խար­հը կան­գուն պա­հե­լու սուրբ գոր­ծին: Եւ հի­մա, կորս­տի, ափ­սո­սան­քի ու ո­գե­ւո­րու­թեան օ­րե­րին մենք պէտք է լի­նենք ար­ժա­նի՛ հայ զի­նո­ւո­րին:

«­Մենք ի­րա­ւունք չու­նենք նրա գոր­ծած սխրան­քը ի­զուր կորց­նե­լու: Եւ որ­պէս­զի լու­ծո­ւեն հայ ժո­ղովրդի ա­ռաջ ծա­ռա­ցած խնդիր­նե­րը, թշնա­մին այ­լեւս եր­բեք չյանդգ­նի յար­ձա­կո­ւել մեզ վրայ, ա­ռա­ւել եւս ոտք դնել մեր սուրբ հո­ղին, մենք պէտք է լի­նենք միաս­նա­կա՛ն:
«­Կոչ եմ ա­նում աշ­խար­հաս­փիւռ հայ գե­նե­րալ­նե­րին եւ ռազ­մա­կան փոր­ձա­գէտ­նե­րին՝ հա­ւա­քո­ւե­լու Ե­րե­ւա­նում, հա­յու­թեան ա­ռաջ ծա­ռա­ցած խնդիր­նե­րի լու­ծում­նե­րը եւ հա­մա­հայ­կա­կան բա­նա­կի ու­ղի­նե­րը գտնե­լու նպա­տա­կով:

­Մեր միաս­նու­թեամբ լի­նենք ար­ժա­նի՛ մեր զի­նո­ւոր­նե­րի թա­փած ա­րեա­նը»։