Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Աթէնքի մէջ տեղի ունեցող Special Olympics մարզախաղերուն մասնակցութիւն կը բերէ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, որ կը բաղկանայ 8 հոգիէ, գլխաւորութեամբ Հայաստանի Special Olympics ազգային խումբի ղեկավար Արտակ Իսրայէլեանի, չորս մարզիկներու, երկու մարզիչներու եւ ուղեկցող անձի:

Հայրենի մարզիկները արդէն կը մասնակցին մարզախաղերու դասաւորման նախնական մրցումներուն, աթլեթիքս եւ լող մարզաձեւերէն ներս: Անոնք են՝ Սուրէն Փալասանեան եւ Սպարտակ Յակոբեան (աթլեթիքսի մէջ),  Նոնա Արոյեան եւ Տիգրան Գէորգեան (լողի մէջ):
«Ազատ Օր»ի խմբագրութեան հետ զրոյցին ընթացքին, խումբի ղեկավար պրն. Արտակ Իսրայէլեան յայտնեց թէ մարզիկները հոգեկան բարձր տրամադրութեամբ եւ խանդավառութեամբ կը կատարեն իրենց մրցումները, որ գրեթէ ամէնօրեայ են, մինչեւ դասաւորման վերջին հանգրուան: Նախաւարտական եւ աւարտական մրցումները նախատեսուած են շաբաթավերջին, ուր անշուշտ կը սպասուի մեր հայրենակիցներու ներկայութիւնն ու եռանդուն քաջալերանքը: Հայ մարզիկները փորձառու են եւ իրենց կարողութիւնները միջազգային այլ մրցումներու ալ առիթ ունեցած են ցուցադրելու:
Աթէնքի Special Olympics մրցումներուն, մասնակիցներու աննախադէպ մեծ թիւ արձանագրուեցաւ՝ 185 երկիրներէ ժամանած ընդհանուր 7.040 մարզիկներու, 2.089 մարզիչներու թիւ մը համախմբելով: Յունական պատուիրակութիւնը կը հաշուէ 347 անդամ, իսկ մարզիկներու մեծամասնութիւնը մասնակցութիւն կը բերէ ոտնագնդակի մարզաձեւին՝ 1.367 մարզիկներով: Կը յաջորդեն՝ աթլեթիզմը՝ 1.043, կողովագնդակ՝ 715 եւ լող՝ 660: