Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԱպ­րիլ 11ին Լ.Ղ.Հ. Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շոտ ­Ղու­լեան ըն­դու­նեց Հ.Հ. Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ է­դո­ւարդ ­Շար­մա­զա­նո­վին եւ ա­նոր ու­ղեկ­ցու­թեամբ Ս­տե­փա­նա­կերտ ժա­մա­նած ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր, ­Յու­նաս­

տան-­Հա­յաս­տան բա­րե­կա­մա­կան խում­բի ղե­կա­վար ­Գա­րի­ֆա­լիա ­Քա­նել­լիին, ­Լատ­վիա­յի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Սաէյ­մա­յի պատ­գա­մա­ւոր, ­Լատ­վիա-­Հա­յաս­տան բա­րե­կա­մա­կան խում­բի ղե­կա­վար ­Սեր­գէյ ­Պո­տապ­կի­նին, Հ.Հ. Ա.Ժ. պատ­գա­մա­ւոր ­Գա­գիկ ­Մե­լի­քեա­նին եւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մօտ Հ.Հ. ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան ­Գա­գիկ ­Ղա­լա­չեա­նին:

­Հան­դիպ­ման կը մաս­նակ­ցէին Լ.Ղ.Հ. Ա.Ժ. նա­խա­գա­հի տե­ղա­կալ ­Վահ­րամ ­Բա­լա­յեան եւ խորհր­դա­րա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ար­զիկ Մ­խի­թա­րեան։

Ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը՝ Ա­շոտ ­Ղու­լեան բարձր գնա­հա­տեց ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Լատ­վիա­յի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րու այ­ցը Ար­ցախ այս օ­րե­րուն՝ ընդգ­ծե­լով, որ ա­նոնք ա­ռա­ջին օ­տա­րերկ­րեայ խորհր­դա­րա­նա­կան­ներն են, ո­րոնք Ապ­րի­լի սկզի­բին ղա­րա­բա­ղեան-ատրպէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­ձեռ­նած լայ­նա­մասշ­տաբ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն ետք այ­ցե­լե­ցին Ար­ցախ:

Անդ­րա­դառ­նա­լով ա­ռաջ­նա­գի­ծին վրայ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կին՝ խորհր­դա­րա­նի ղե­կա­վա­րը նշեց.- «Ապ­րիլ 2-5 Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ նա­խա­ձեռ­նո­ւած լայ­նա­ծա­ւալ ագ­րե­սիան ո­րե­ւէ կերպ չի փո­խել մեր դիր­քո­րո­շու­մը, հա­կա­ռա­կը՝ ա­ւե­լի է հաս­տա­տել ան­կախ, ինք­նիշ­խան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պե­տու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու մեր նպա­տա­կը»:

Հ.Հ. Ա.Ժ. փոխ-նա­խա­գահ է­դուարդ ­Շար­մա­զա­նո­վը իր կող­մէ նշեց, որ այս կար­ճա­տեւ պա­տե­րազ­մը ան­գամ մը եւս հաս­տա­տեց Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին եւ ողջ հա­յու­թեան հաս­տա­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ պաշտ­պա­նե­լու ար­ցախ­ցի­նե­րու ար­դար պայ­քա­րը յա­նուն ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան:

­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր ­Գա­րի­ֆա­լիա ­Քա­նել­լին, ի­րենց այ­ցը ո­րա­կե­լով որ­պէս խորհր­դա­րա­նա­կա­նի պար­տա­կա­նու­թիւն, Ապ­րի­լի սկիզ­բին տե­ղի ու­նե­ցա­ծը հա­մա­րած է ճգնա­ժամ ոչ միայն մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու բնա­գա­ւա­ռէն ներս, այ­լեւ՝ աշ­խար­հի մէջ: Ան իր խօս­քին մէջ նշեց, որ ի­րենք պի­տի ը­նեն հնա­րա­ւո­րը, որ­պէս­զի ու­րի­շի շա­հե­րու հա­մար, այ­լեւս կեան­քեր չզո­հա­բե­րո­ւին:

­Լատ­վիա ­Սաէյ­մա­յի պատ­գա­մա­ւոր ­Սեր­գէյ ­Պո­տապ­կի­նը իր խօս­քին մէջ կա­րե­ւոր հա­մա­րեց այն հան­գա­ման­քը, որ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը միայ­նակ չէ եւ եւ­րո­պա­յի մէջ ու­նին հա­մա­խոհ­ներ, ո­րոնք պի­տի ը­նեն հնա­րա­ւո­րը՝ խնդի­րը խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով լու­ծե­լու հա­մար:

Մտ­քե­րու փո­խա­նակ­ման ըն­թաց­քին, խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը եւ­րո­պա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց ար­ցա­խեան ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի պատ­մու­թիւ­նը եւ պա­տաս­խա­նեց ա­նոնց ար­ծար­ծած հար­ցե­րուն՝ կա­պո­ւած Լ.Ղ.Հ. մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման գոր­ծըն­թա­ցի եւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման հետ: