Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«­Նիուզ» կը հա­ղոր­դէ, որ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ հրա­պա­րա­կած են ­Ռու­սիոյ կող­մէ ­Հա­յաս­տա­նին ու Ատր­պէյ­ճա­նին վա­ճա­ռո­ւող սպա­ռա­զի­նու­թեանց ցան­կը: 2000 թո­ւա­կա­նէն Ատր­պէյ­ճան սկսած է աշ­խոյժ կեր­պով զէնք գնե­լու ­Ռու­սիա­յէն, սա­կայն հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րու ա­ռա­ւել մեծ թղթած­րար մը ստո­րագ­րո­ւած է 2010ա­կան­նե­րուն սկիզ­բը

եւ կը գնա­հա­տո­ւի առ­նո­ւազն չորս մի­լիառ տո­լա­րով:

Ա­նով՝ ­Պա­քու ստա­ցած է մօ­տա­ւո­րա­պէս 100 Տ-90ս հ­րա­սայլ, 100 հատ ՀՄՄ-3, 18 նմոյշ «Մս­տա Ս» 2ս­ եւ 19 մ1 ինք­նագ­նաց հրե­տա­նա­յին սար­քա­ւո­րում, 18 նմոյշ «­Վես­նա» 2ս31 ինք­նագ­նաց հրե­տա­նա­յին սար­քա­ւո­րում, 18 նմոյշ 9ա52 «Ս­մերչ» տե­սա­կի հա­մա­զար­կա­յին կրա­կի հա­մա­կարգ, 18 նմոյշ ՏՕՍ-1Ա «­Սոլն­ցե­պէոկ» ծանր հրա­նօ­թա­յին հա­մա­կարգ, 10 նմոյշ «Ք­րի­զան­թեմ Ս» հա­կահ­րա­սայ­լա­յին մար­տա­կան մե­քե­նայ եւ 300 նմոյշ «Իկ­լա Ս» շար­ժա­կան զե­նի­թահր­թի­ռա­յին հա­մա­լիր` 1500 հրթիռ­նե­րով եւ ճար­տա­րա­գի­տա­կան-սակ­րա­ւո­րա­յին մեծ հա­մա­կարգ:

Այս մա­սին գրած է «­Լեն­թա»: ­Բա­ցի ատ­կէ՝ Ատր­պէյ­ճա­նին փո­խան­ցո­ւած են «­Ֆա­ւո­րիտ» տե­սա­կի Ս-300 Պ­մու-2 հե­ռա­հար զե­նի­թահր­թի­ռա­յին հա­մա­կար­գի 2 գու­մար­տակ եւ քա­նի մը մարտ­կոց «­Տոր-Մ2» զե­նի­թա­յին հա­մա­լիր: Ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը ստա­ցած են 60 նմոյշ ­Մի-17 ուղ­ղա­թիռ եւ 24 նմոյշ ­Մի-35 մ ­հա­րո­ւա­ծա­յին ուղ­ղա­թիռ: ­Հա­յաս­տա­նի գնած զէն­քե­րու ցան­կը ա­ւե­լի հա­մեստ բնոյթ ու­նի: ­Յայտ­նի է, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ­Հա­յաս­տան ստա­ցած է Տ-72 Բ նմոյ­շի 35 հրա­սայլ եւ չճշդո­ւած նմոյ­շի 100 մար­տա­կան մե­քե­նայ (փոր­ձա­գէտ­նե­րը կը կար­ծեն, թէ ա­տի­կա կրնայ ըլ­լալ զրա­հա­փո­խադ­րիչ 80 կամ ար­դիա­կան ՀՄՄ-2), 50 շար­ժա­կան զե­նի­թահր­թի­ռա­յին հա­մա­լիր­ներ:

Ա­ւե­լի կա­նուխ ո­րո­շում տրո­ւած էր Ե­րե­ւա­նին 200 մի­լիոն տո­լար ար­տած­ման վարկ տրա­մադ­րե­լու` ռու­սա­կան սպա­ռա­զի­նու­թիւն­ներ գնե­լու հա­մար: ­Գոր­ծար­քը մին­չեւ հի­մա չէ կա­տա­րո­ւած: ­Նա­խօ­րէին ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ­Ռու­սիոյ վար­չա­պետ Տ­միթ­րի ­Մետ­վե­տե­ւի հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին խնդրած էր ա­րա­գաց­նել ­Հա­յաս­տա­նին զէն­քի տրա­մադր­ման հա­մա­ձայ­նա­գի­րի կնքման հո­լո­վոյ­թը:

«­Մենք շնոր­հա­կալ ենք ռու­սա­կան կող­մէն պե­տա­կան ար­տա­հան­ման վար­կի տրա­մադր­ման հա­մար` ­Հա­յաս­տա­նի կա­րիք­նե­րուն հա­մար զի­նո­ւո­րա­կան ար­տադ­րան­քի մա­տա­կա­րա­րու­մը տնտե­սա­ւո­րե­լու նպա­տա­կով: ­Սա­կայն, հա­մա­ձայ­նու­թեան ի­րա­գործ­ման հո­լո­վոյ­թին մէջ կան ո­րո­շա­կի դան­դա­ղում­ներ, այդ պատ­ճա­ռով ձեզ­մէ կը խնդրեմ «­Ռո­սո­պո­րոն էքս­փորթ»ին հրա­հանգ­ներ տալ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը կնքե­լու վե­րա­բե­րեալ»,- ը­սած է Աբ­րա­հա­մեան: