Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին դիմաց 9 ապրիլին տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գծով միջազգային կազմակերպութիւններուն, մասնաւորապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ոչ գործօն դերակատարութեան դէմ: Մինչ այդ, արտաքին գործոց նախարարութիւն հասան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահները, որոնք անցնելով հաւաքուած ցուցարարներուն կողքով, անխօս մտան շէնք:
Ցուցարարները կը բացագանչէին` «Ամօթ», «Ճանաչում», «Ղարաբաղը մերն է», նաեւ բարձրացուցին բազմաթիւ ցուցապաստառներ` «Stop terrorism», «Ալիեւ մարդասպան», «Ղարաբաղն անկախ է», «Մենք ենք Արցախը» եւ այլ գրութեամբ:
Մամլոյ ասուլիսէն ետք երեք համանախագահները կրկին հանդիպեցան ցուցարարներուն, անցան Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դրօշներ ու պաստառները բարձրացուցած ցուցարարներուն կողքով:
Ցոյցին մասնակիցները կոչ ուղղեցին լիարժէք կերպով գնահատելու իրավիճակը, պատժելու միջազգային իրաւունքին դէմ եղող Ազրպէյճանի կեցուածքները, հասցէագրուած յայտարարութիւններ կատարելու եւ ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: