Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ս­փիւռ­քը կը շա­րու­նա­կէ զօ­րա­վիգ կանգ­նիլ հայ­րե­նի­քին

­Սի­րե­լի՛ հայ­րե­նա­կից­ներ,
Ս­փիւռ­քը կը շա­րու­նա­կէ զօ­րա­վիգ կանգ­նիլ հայ­րե­նի­քին.


­Հեր­թա­կան ան­գամ աշ­խար­հը հա­մո­զո­ւե­ցաւ, որ գործ ու­նե­նալ Ար­ցա­խի կամ ընդ­հան­րա­պէս ­Հա­յաս­տա­նի հետ՝ կը նշա­նա­կէ գործ ու­նե­նալ ողջ հա­յու­թեան հետ, 10 մի­լիո­նէ ա­ւե­լի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը պատ­րաստ են ա­մէն ին­չի հայ­րե­նի­քի անվ­տան­գու­թեան եւ պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար:

Ա­նոնք ի­րենց հա­մախմ­բո­ւա­ծու­թեամբ միա­ցան ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Ար­ցա­խի մէջ թե­ւա­ծող այն հո­գե­ւոր վե­րել­քին, որ ուղ­ղո­ւած է հայ ժո­ղո­վուր­դի պաշտ­պա­նու­թեան: ­Շա­տե­րը այ­սօր Ար­ցա­խի մէջ են՝ կա­մա­ւոր­նե­րու շար­քե­րու մէջ, ար­ցախ­ցիի կող­քին:

Այս օ­րե­րուն ողջ սփիւռ­քը նաեւ մեծ վիշտ կ’ապ­րի՝ մեր հե­րոս տղա­նե­րու կո­րուս­տի հա­մար, այն խի­զախ­նե­րուն, ո­րոնք պաշտ­պա­նե­լով բո­լո­րիս հայ­րե­նի­քը՝ հե­ռա­ցան դէ­պի յա­ւեր­ժու­թիւն: Եւ փառ­քի ճամ­բով սրբա­գոր­ծո­ւե­լով՝ ա­րեամբ գրե­ցին ի­րենց ա­նու­նը մեր պատ­մու­թեան ոս­կէ է­ջե­րուն մէջ:

Այս ցա­ւը կը սեղ­մէ բո­լո­րիս հո­գի­նե­րը՝ ծնե­լով միա­ժա­մա­նակ հպար­տու­թեան վեհ զգա­ցում, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­մար կը դառ­նայ պա­տաս­խա­նատուութիւն։ ­Պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն իր հայ­րե­նի­քի, հո­ղի հան­դէպ, պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն պե­տու­թիւ­նը հզօ­րաց­նե­լու գոր­ծի մաս­նա­կի­ցը ըլ­լա­լու այն գի­տակ­ցու­թեամբ, որ միայն ու­ժեղ եւ հզօր պե­տու­թիւնն է մեր երկ­րի անվ­տան­գու­թեան գրա­ւա­կա­նը։

Լ­րա­տո­ւու­թիւ­նը կը փաս­տէ, որ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն գոր­ծող հայ­կա­կան, հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րը եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու յայտ­նի գոր­ծիչ­նե­րը հան­դէս կու գան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, դա­տա­պար­տող նա­մակ­նե­րով, կո­չե­րով, հան­դի­պում­ներ կ’ու­նե­նան պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րու, բնա­կու­թեան եր­կիր­նե­րու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու եւ խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­նե­րու հետ, կը կազ­մա­կեր­պեն բո­ղո­քի շար­ժում­ներ, հա­մա­հա­ւաք­ներ, ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ցոյ­ցեր պա­հան­ջե­լով`

- Հ.Ղ.­Հի ճա­նա­չու­մը
- Ատր­պէյ­ճա­նի վայ­րա­գու­թիւն­նե­րու (ագ­րե­սիա­յի) կա­սե­ցու­մը
- Ար­ցա­խի ներգ­րա­ւու­մը՝ իբ­րեւ բա­նակ­ցա­յին կող­մի
- ­Նա­խա­յար­ձա­կը (ագ­րե­սո­րը) պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան են­թար­կե­լը
- Լ.Ղ.Հ.ի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը եւ այլ հար­ցեր։
Ս­փիւռ­քը հայ­րե­նի­քի հետ հա­մա­կար­ծիք է, որ Ար­ցա­խեան խնդի­րը պէտք է լու­ծել խա­ղաղ բա­նակ­ցա­յին ճա­նա­պար­հով՝ ­Մինս­քի Խմ­բա­կի ծի­րէն ներս։
­Սի­րե­լի՛ հայ­րե­նա­կից­ներ,
Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ա­նընդ­հատ զան­գեր կը ստա­նայ Ս­փիւռ­քի տար­բեր հա­մայնք­նե­րէ, ո­րոնք ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նեն մայր հայ­րե­նի­քին եւ կ’ա­ռա­ջար­կեն բա­րե­գոր­ծա­կան ձեռ­նարկ­ներ եւ նիւ­թա­կան, բա­րո­յա­կան ու ֆի­զի­քա­կան օգ­նու­թիւն­ներ։

­Մենք, շնոր­հա­կալ ըլ­լա­լով, հպար­տա­նա­լով ա­նոնց հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ, կը խնդրենք ա­ռայժմ ձեռն­պահ մնալ մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւն­նե­րէն. Ար­ցա­խի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը բա­ցած է յա­տուկ հա­շո­ւե­հա­մար, ցան­կու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րը կրնան ի­րենց փո­խան­ցում­նե­րը կա­տա­րել այդ հա­շո­ւե­հա­մա­րին:

Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւն