Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ ­Մար­գա­րեան, որ նոր վե­րա­դար­ձած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղէն, «Եր­կիր»ի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցու­ցած է

Ար­ցա­խի մէջ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կը եւ անդ­րա­դար­ձած Հ.Յ.Դ. պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ու ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի հան­դի­պու­մին։ Ան դի­տել տո­ւած է, որ նա­խա­գահ ­Սա­հա­կեա­նի հետ զրու­ցած են սահ­մա­նին վրայ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կին եւ վեր­ջին շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին ար­ձա­նագ­րո­ւած ի­րա­դար­ձու­թեանց մա­սին: «­Պարզ է, որ Ադր­բե­ջանն ամ­բողջ ու­ժե­րով հա­մընդ­հա­նուր յար­ձա­կում է գոր­ծել, եւ յստակ է՝ նա չի կա­րո­ղա­ցել իր առ­ջեւ դրո­ւած ծրա­գիրն ի­րա­կա­նաց­նել, ձա­խո­ղել է:

­Մենք ոչ մի տա­րածք չենք կորց­րել: Այդ ա­ռու­մով՝ մե­րը յաղ­թա­նակ է: ­Սա պէտք է ար­ձա­նագ­րո­ւի որ­պէս յաղ­թա­նակ: Ի հար­կէ, յաղ­թա­նա­կը չի նշա­նա­կում վեր­ջա­կէտ, մի հանգ­րո­ւա­նի վերջ: ­Պա­տե­րազ­մը կա­րող է եւ շա­րու­նա­կո­ւել, մենք դրան պէտք է պատ­րաստ լի­նենք»,- ը­սած է ­Մար­գա­րեան: Ա­նոր հա­մա­ձայն՝ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը բարձր տրա­մադ­րու­թեան մէջ է, չէ ընկ­ճո­ւած, եւ պէտք է ա­մէն ինչ ը­նել այդ մէ­կը պահ­պա­նե­լու հա­մար: Ան շեշ­տած է, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի օ­ժան­դա­կու­թիւն պէտք է ցու­ցա­բե­րել թէ՛ բա­րո­յա­պէս, թէ՛ նիւ­թա­պէս. «­Կար­ծում եմ՝ ով ­Ղա­րա­բա­ղում ա­ռա­ջին գծում գտնուե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նի, նիւ­թա­կան իր օ­ժան­դա­կու­թեամբ պէտք է մաս­նա­կից դառ­նայ հայ­րե­նի­քի փրկու­թեան, հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան այս գոր­ծին:

­Մենք պէտք է միա­ժա­մա­նակ պատ­րաստ լի­նենք նոր յար­ձա­կում­նե­րի դի­մագ­րա­ւե­լուն, պէտք է կա­ռու­ցենք, վե­րա­շի­նենք այն, ինչ ա­ւե­րո­ւել է ­Մար­տա­կեր­տում, ­Թա­լի­շում, ­Մա­տա­ղի­սում: Դ­րա մէջ է մեր փրկու­թիւ­նը: ­Մեր զո­հե­րը թանկ զո­հեր են, բայց ի­մաս­տա­ւո­րո­ւած է այդ զո­հա­բե­րու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ մենք պա­տո­ւով ենք դուրս ե­կել: Ան­հա­ւա­սար ու­ժեր են ե­ղել, նրանք տեխ­նի­կա­պէս ա­ւե­լի պատ­րաս­տո­ւած են: ­Հա­ւա­նա­բար, նաւ­թի տո­լար­ներն օգ­նել են, որ­պէս­զի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ձեռք բե­րեն, բայց մէկ է՝ ծրագ­րա­ծը չեն յա­ջո­ղել»,- ը­սած է Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը:

­Խօ­սե­լով այս օ­րե­րուն մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ար­ձա­գան­գին մա­սին՝ Հ­րանտ ­Մար­գա­րեան լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռած է այն ե­րե­ւոյ­թը, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ար­ձա­գանգ­նե­րու ծի­րը ա­ւե­լի եւս կրնայ ըն­դար­ձա­կո­ւիլ, ո­րով­հե­տեւ Ատր­պէյ­ճան պա­տե­րազ­մա­կան ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն կա­տա­րած է, չի բա­ւեր, որ նա­խա­յար­ձակ ե­ղած է, նաեւ ար­գի­լո­ւած զէն­քեր օգ­տա­գոր­ծած եւ ան­մարդ­կա­յին մի­ջոց­նե­րու դի­մած է: «Իբ­րեւ պա­տե­րազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծի՝ Ադր­բե­ջանն այ­սօր ամ­բաս­տա­նեա­լի ա­թո­ռին է նստած»,- հաս­տա­տած է ­Մար­գա­րեան։

Անդ­րա­դառ­նա­լով այն հան­գա­ման­քին, որ հա­կա­ռակ ձեռք բե­րո­ւած պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թեան Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ խախ­տել զի­նա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը եւ կրակ կը բա­նայ ո՛չ միայն ­Ղա­րա­բա­ղի ուղ­ղու­թեամբ, այլ նաեւ՝ ­Հա­յաս­տա­նի, ­Մար­գա­րեան ը­սած է.- «Այդ ա­մէ­նը պէտք է զսպո­ւի՝ հա­մա­պա­տաս­խան պա­տաս­խան տա­լով: ­Հան­րա­յին, մի­ջազ­գա­յին կար­ծի­քի ձե­ւա­ւոր­ման գոր­ծում պէտք է կա­րո­ղա­նանք ակ­տիւ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լել, պէտք է հար­ցերն ա­նընդ­հատ ար­ծար­ծո­ւած պա­հենք, ճնշենք Ադր­բե­ջա­նին նաեւ քա­րոզ­չա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան մա­կար­դա­կում, որ նրանք պար­տա­ւո­րո­ւած լի­նեն նա­հանջ ար­ձա­նագ­րե­լու»: