Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հրաւէրով՝ 7 Ապրիլին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Ռուսիոյ վարչապետ Տ
միթրի Մետվետեւ, որուն գլխաւորած պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ռուսիոյ բնական պաշարներու եւ կենսոլորտ նախարար Սերգէյ Տոնսքոյ, շինարարութեան եւ տնտեսութեան նախարար Միխայիլ Մեն, փոխադրութեան նախարար Մաքսիմ Սոքոլով, Վոլոկտայի նահանգապետ Օլեկ Քուվշիննիքով, սպառողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մարդու բարեկեցութեան ոլորտին մէջ վերահսկողութեան դաշնակցային ծառայութեան ղեկավար Աննա Փոփովա, տնտեսական զարգացման նախարարի առաջին տեղակալ Ալեքսէյ Լիխաչեւ, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վասիլի Նեպենզեա, ելեւմուտքի նախարարի տեղակալ Սերգէյ Սթորչաք, ուժանիւթի նախարարի տեղակալ Անաթոլի Եանովսքի, «Ռոսկոսմոս» պետական համագործակցականի գլխաւոր տնօրէն Իկոր Քոմորով, «Կազփրոմ»ի խորհուրդի նախագահ Ալեքսէյ Միլլեր եւ պաշտօնատար այլ անձեր: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ իր պաշտօնակիցը դիմաւորած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:
Անկէ ետք Ռուսիոյ վարչապետը այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցանելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ան ծաղկեպսակ զետեղած է յուշահամալիրին առջեւ, ապա՝ խոնարհած անմար կրակին մօտ: Ռուսիոյ վարչապետին կ՛ընկերակցէին Հայաստանի փոխ-վարչապետ, միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան: Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Տմիթրի Մետվետեւին ներկայացուց Օսմանեան Կայսրութեան գործադրած ցեղասպանութեան պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ մանրամասնութիւններ՝ յուշահամալիրի կառուցման մասին: