Ե.Ա.Հ.Կ. երկիրներու դեսպաններուն հետ հանդիպելով՝ Հ.Հ. նախագահը ներկայացուցած է իրավիճակը շփման գիծի երկայնքին
Եթէ ռազմական գործողութիւնները շարունակուին եւ ստանան լայնածաւալ տարողութիւն, Հայաստան պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը,- յայտարարեց երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ Ե.Ա.Հ.Կ. անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ իր հրաւիրած հանդիպման ժամանակ: «Հայաստանի Հանրապետութիւնը` որպէս 1994 թուականի Զինադադարի Համաձայնագրի կողմ, շարունակելու է լիարժէքօրէն կատարել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման իր պարտաւորութիւնները: Աւելին, ես հրահանգել եմ արտաքին գործերի նախարարութեանը՝ աշխատել Լեռնային Ղարաբաղի հետ ռազմական փոխ-օգնութեան պայմանագիր կնքելու ուղղութեամբ:
Եւ այստեղ պէտք է նշեմ՝ մէկ անգամ չէ, որ ես յայտարարել եմ, որ եթէ, իրօք, ռազմական գործողութիւնները շարունակուեն եւ ստանան լայնածաւալ մասշտաբ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանաչելու է Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը»,- նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ ըսած է Սերժ Սարգսեան:
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդած վերջին տուեալները
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի գետնի վրայ տիրող կացութեան բաժինի պետ, գնդապետ Վիտալի Առուստամեան լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին փոխանցած է, որ վերջին չորս օրերուն տեղի ունեցող մարտերուն իբրեւ հետեւանք, 4 Ապրիլի ժամը 11ի դրութեամբ, հայկական կողմը ունի 20 զոհ, 26 անյայտ կորսուած եւ 72 վիրաւոր: Զոհերէն մէկը երեխայ է, երեքը՝ չափահաս քաղաքացի։
Մարտերու ընթացքին ատրպէյճանական կողմը ունեցած է 300է աւելի մեռեալ, իսկ վիրաւորներուն թիւը տակաւին կը ճշդուի։
«Հայկական որեւէ բնակավայր չի գտնւում ադրբեջանական վերահսկողութեան տակ: Ի սկզբանէ ունեցել ենք 8 դիրքի կորուստ, որոնցից 5ը վերականգնել ենք: Այն հատուածներում, որտեղ թշնամին կարողացել է մխրճուել, խորութիւնը կազմում է 200-300 մետր, եւ այնտեղ բնակավայր չկայ: Սա նշանակում է, որ հայկական որեւէ բնակավայր չի գտնւում թշնամու վերահսկողութեան տակ»,- նշած է գնդապետը:
Նշենք, որ Լ.Ղ.Հ. պաշտպանութեան բանակի մամլոյ խօսնակ Սենոր Հասրաթեան Երկուշաբթի օր, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, յայտնած է, որ «Ադրբեջանի առաջխաղաղացումը չի գերազանցել 300 մետրը: Այս պահին մենք ունենք 5 կորցրած դիրք հարաւային ուղղութեամբ եւ 3ը՝ հիւսիսային»:
Գնդապետ Առուստամեան աւելցուցած է, որ Ապրիլ 4ին հակառակորդը սկսած է օգտագործելու աւելի մեծ զինատեսակներ, առաջին անգամն ըլլալով գործածած է ռուսական Տօս-1 («Սոլնցեպեօկ»), սակայն վրիպած է՝ նպատակին չհասնելով: Ատրպէյճանական կողմը փորձած է կիրարկել «Կամիկաձէ» (ինքնակործանուող անօդաչու սարք), սակայն հայկական կողմի հակաօդայինները կրցած են զայն ոչնչացնել:
Ըստ գնդապետին՝ ամէն ինչ սկսած է 1-2 Ապրիլ լուսցող գիշերը, երբ հիւսիսային ուղղութեամբ ներթափանցման-հետախուզական գործողութիւններ կատարուած են: Առաջին ժամերուն արձակուած է 1350 արկ «Գրադ», ինչ որ աննախադէպ է: Խօսելով ռազմական սարքաւորումներու կորուստին մասին՝ ան յայտնած է, որ հայկական կողմը կորսնցուցած է եօթը հրասայլ։
«Ադրբեջանական կողմը կորցրել է 18 տանկ, երկու ուղղաթիռ, մէկ ինժեներական տեխնիկա, 3 հետեւակի մարտական մեքենայ, 6 անօդաչու թռչող սարք, 1 Մմ-21 (գրադէ) կայան»,- հաստատած է Վիտալի Առուստամեան։
Պաշտպանական
ուժերը ծանր հարուածներ կը հասցնեն
ատրպէյճանական
նախայարձակ ուժերուն.
Հայ հրետանաւորներու դիպուկ ու հեռահար կրակի տակ իյնալով` ատրպէյճանական ամբողջական ստորաբաժանումներ, որոնք պահեստէն փորձած են տեղափոխուիլ առաջնագիծ, ոչնչացուած են: Այս մասին, Facebookի իր էջին վրայ, գրած է Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: Նշենք, որ ըստ Լ.Ղ.Հ. պաշտպանութեան բանակի մամուլի ծառայութեան վերջին հաղորդագրութեան՝ ղարաբաղեան ուժերը, հակառակորդին պատճառելով զգալի կենդանի ուժի եւ զինուորական սարքերու կորուստներ, մարտագիծի հիւսիս-արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան ուղղութիւններով նախաձեռնութիւնը վերցուցած են իրենց ձեռքը:
Մենք միայնակ չենք, մեզի հետ է նաեւ Սփիւռքը,
- կը յայտարարէ Լ.Ղ.Հ. վարչապետը
Լ.Ղ.Հ. վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, Ապրիլ 3ի երեկոյեան, Ստեփանակերտի մէջ դիմաւորած է Արցախի պաշտպանութեան գործին միանալու նպատակով ժամանած հազարաւոր կամաւորներ: Արայիկ Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ, մասնաւորապէս, ըսած է.- «Յարգելի՛ հայրենակիցներ, շնորհակալութիւն չեմ ըսեր Արցախ ժամանելու համար, որովհետեւ հայրենիքի պաշտպանութիւնը բոլորիս պարտքն է: Այն միասնութիւնը, որ այսօր մենք կը տեսնենք, ի զօրու է ոչ միայն դիմակայելու վերջին օրերուն հակառակորդին կողմէ ձեռնարուկած սադրանքը, այլեւ՝ կրնայ լուծել շատ այլ կենսական խնդիրներ: Եւ մեր պայքարին մէջ մենք միայնակ չենք, մեզի հետ է նաեւ Սփիւռքը: Ատիկա կը վկայեն հայկական տարբեր գաղթօճախներէ ստացուող բազմաթիւ դիմումները, որոնցմով մեր հայրենակիցները իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն Արցախին` ինչպէս մարդկային, այնպէս ալ նիւթական առումով: Արցախի կամաւորներուն մէկ մասը արդէն մեկնած է առաջնագիծ, եւ ուրախ ենք, որ անոնց կը միանան հազարաւոր նոր կամաւորներ` Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Սփիւռքէն: Այս կերպով, վստահօրէն կրնանք յայտարարել, որ մենք անպարտելի ենք, եւ յաղթանակը հաստատ մերը պիտի ըլլայ»:
Պատժամիջոցներու
ձեռնարկելու ժամանակը եկած է
Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, France24ի եթերով, ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ իրականացուած յարձակումները: Յովհաննէս Գէորգեան ժխտած է Ատրպէյճանի կողմէ միակողմանի հրադադարի յայտարարութիւնը` նշելով.- «Չկայ հրադադար: Անիկա միայն յայտարարութիւն է Ատրպէյճանի կողմէ: Ատրպէյճանը այս պահէն առաջ 3 ժամ շարունակ ռմբակոծած է Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքները` յատկապէս Մարտակերտը, որ կը գտնուի հիւսիսային շրջանին մէջ, եւ կը սպաննէ այս քաղաքի խաղաղ բնակիչները»: Պատասխանելով հաղորդավարի հարցին, թէ չկա՞յ միջազգային հանրութեան կողմէ պաշտպանութիւն այս խնդրին գծով, Լ.Ղ. ներկայացուցիչը մեկնաբանած է, որ խնդրով կը զբաղի Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակը, որ կը փորձէ գտնել հակամարտութեան լուծումը: «Միջազգային հանրութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութիւններով, սակայն ժամանակը եկած է, որպէսզի Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներու ձեռնարկուին, քանի որ, ինչպէս արդէն ըսի, քաղաքացիական բնակչութիւնը կը ռմբակոծուի ու կը սպաննուի, եւ մենք չենք կրնար բաւարարուիլ միայն յայտարարութիւններով»: