Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altԼեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի սահ­մա­նա­յին գօ­տիին վրայ, Ապ­րիլ 1ի լոյս 2ի գի­շե­րո­ւան եւ ա­ռա­ւօ­տեան ըն­թաց­քին, Ատր­պէյ­ճան սան­ձա­զեր­ծեց լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ՝ նա­խա­յար­ձակ դառ­նա­լով եւ հրթի­ռահ­րե­տա­նա­յին ար­կա­կոծ­ման են­թար­կե­լով

ոչ միայն հայ­կա­կան զի­նու­ժի պաշտ­պա­նա­կան դիր­քե­րը, այլ նաեւ խա­ղաղ բնակ­չու­թեան վայ­րե­րը։
Ըստ հա­ղոր­դո­ւած լու­րե­րուն՝ ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նու­ժի կող­մէ ­Մար­տու­նիի պաշտ­պա­նա­կան ուղ­ղու­թեամբ ՄՄ-21 «Գրադ» կա­յան­քէն ի­րա­կա­նա­ցո­ւած հրթի­ռահ­րե­տա­կո­ծու­թեան հե­տե­ւան­քով սպան­նո­ւած է 2004 թո­ւա­կա­նի ծնեալ ­Վա­ղի­նակ ­Թա­թու­լի Գ­րի­գո­րեա­նը եւ եր­կու ե­րե­խայ ալ վի­րա­ւո­րո­ւած է։
Ար­ցա­խի զի­նո­ւած ու­ժե­րու դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը ե­ղած է շատ բարձր։ Ըստ «Ար­մէնփրես»ի հա­ղոր­դած լու­րե­րուն՝ մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց ըն­թաց­քին ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քը տո­ւած է 200է ա­ւե­լի կո­րուստ եւ ոչն­չա­ցո­ւած են հրե­տա­նա­յին ու­ժեր, ուղ­ղա­թիռ­ներ։ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի ան­մի­ջա­կան եւ ար­հես­տա­վարժ գոր­ծո­ղու­թեանց շնոր­հիւ, հնա­րա­ւոր ե­ղած է ոչ միայն ի­րա­վի­ճա­կը առ­նել հսկո­ղու­թեան տակ, այ­լեւ զգա­լի կո­րուստ­ներ հասց­նել հա­կա­ռա­կոր­դին։ ­Հայ­կա­կան կող­մը ու­նի 18 զոհ եւ 35ի մօտ վի­րա­ւոր։
ArmLur.amի հա­ւաս­տի տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով` հայ դիր­քա­պահ­նե­րը, վստա­հօ­րէն ի­րա­կա­նաց­նե­լով ի­րենց առ­ջեւ դրո­ւած մար­տա­կան խնդի­րը, ստի­պած են ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մին, որ բազ­մա­թիւ զո­հեր տա­լէ յե­տոյ՝ նա­հան­ջէ:

Լ.Ղ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը

Ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քե­րու շփման գի­ծի ողջ եր­կայն­քով՝ ի­րա­վի­ճա­կը տա­կա­ւին կը մնայ լա­րո­ւած: Ա­ռա­ւել ուժ­գին բա­խում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան մար­տա­գի­ծի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան եւ հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեանց վրայ: Ար­ցա­խի բա­նա­կի ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը ­Թա­լի­շի ուղ­ղու­թեամբ հա­կա­ռա­կոր­դին հաս­ցու­ցին մար­դու­ժի եւ զի­նա­կան մեծ կո­րուստ­ներ: ­Հաս­տա­տո­ւած տո­ւեալ­նե­րով՝ ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նու­ժը կորսն­ցու­ցած է 14 հրա­սայ­լեւ 5է ա­ւե­լի այլ զրա­հա­մե­քե­նա­ներ, այդ շար­քին՝ հե­տե­ւա­կի մար­տա­կան մե­քե­նայ (Հ.Մ.Մ.): ­Ղա­րա­բա­ղեան բա­նա­կը ու­նե­ցած է 1 հրա­սայ­լի կո­րուստ: Մար­տա­գի­ծի հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ եւս ըն­թա­ցան դիր­քա­յին թէժ մար­տեր: ­Հա­կա­մարտ զօր­քե­րու շփման գի­ծին վրայ, հա­կա­ռա­կորդն իր ան­զօ­րու­թիւ­նը փոր­ձեց պարտ­կել խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րու, մաս­նա­ւո­րա­պէս ­Մար­տա­կերտ քա­ղա­քի վրայ ՄՄ-21 («կրատ») հրթի­ռահ­րե­տա­նա­յին կա­յան­քէ եւ 152 մի­լի­մեթ­րա­նոց հրե­տա­նա­յին մի­ջոց­նե­րէ ար­ձա­կո­ւած ար­կա­կո­ծում­նե­րով:

Հ.Հ. Ազ­գա­յին Անվ­տան­գու­թեան ­Խոր­հուր­դի նիստ եւ ­Լեռ­նա­յին
Ղա­րա­բա­ղի հետ ռազ­մա­կան փոխ-օգ­նու­թեան պայ­մա­նագ­րի կնքում
­
Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան շու­տա­փոյթ վե­րա­դար­ձաւ Մ. ­Նա­հանգ­նե­րէն եւ ­Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան գու­մա­րեց Հ.Հ. Ազ­գա­յին Անվ­տան­գու­թեան ­Խոր­հուր­դի նիստ, ո­րու ըն­թաց­քին քննար­կո­ւե­ցան Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կող­մէ 1994ի զի­նա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նագ­րին «կո­պիտ խախտ­ման» եւ «­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տութ­յան դէմ լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձակ­ման ար­դիւն­քով ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը»: Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Սէյ­րան Օ­հա­նեան ներ­կա­յա­ցուց Ապ­րի­լի 1ի լոյս 2ի գի­շե­րը «հա­կա­ռա­կոր­դի սադ­րիչ գոր­ծո­ղութ­յուն­նե­րին ի պա­տաս­խան ձեռ­նար­կո­ւած գոր­ծուն քայ­լե­րը` կան­խե­լու սան­ձա­զեր­ծո­ւած յար­ձա­կու­մը»: ­Զե­կոյց­նե­րով հան­դէս ե­կան նաեւ Հ.Հ. Զ.Ու. գլխա­ւոր շտա­պի պետ Եու­րի ­Խա­չա­տու­րով եւ ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ ­Շա­ւարշ ­Քո­չա­րեան:
­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան մաս­նա­ւո­րա­պէս դի­տել տուաւ.- «­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի ժա­մա­նա­կին եւ ար­հես­տա­վարժ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րի շնոր­հիւ հնա­րա­ւոր ե­ղաւ ի­րա­վի­ճա­կը վերց­նել հսկո­ղու­թեան տակ եւ ոչ միայն ի­րա­վի­ճա­կը վերց­նել հսկո­ղութ­յան տակ, այ­լեւ զգա­լի կո­րուստ­ներ հասց­նել հա­կա­ռա­կոր­դին: Ընդ ո­րում՝ հա­կա­ռա­կորդն այդ ըն­թաց­քում օգ­տա­գոր­ծում էր ռազ­մա­կան օ­դուժ, հրե­տա­նու բո­լոր տե­սակ­նե­րը եւ բո­լոր տի­պի զրա­հա­մե­քե­նա­նե­րը:
­Հա­կա­ռա­կոր­դի կո­րուստ­նե­րը, ինչ­պէս օ­դու­ժի, այն­պես էլ հե­տե­ւա­կի ու զրա­հա­տեխ­նի­կա­յի, զգա­լի են: ­Մենք էլ ու­նենք կո­րուստ­ներ. այս պա­հի դրու­թեամբ 18 զոհ ու­նենք եւ 35ի մօտ վի­րա­ւոր:
«­Յայտ­նի է, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ էի այ­ցե­լել՝ մաս­նակ­ցե­լու ­Մի­ջու­կա­յին Անվ­տան­գու­թեան գա­գաթ­նա­ժո­ղո­վին եւ այդ ­Գա­գաթ­նա­ժո­ղո­վի շրջա­նակ­նե­րում հան­դի­պում­ներ եմ ու­նե­ցել փոխ-նա­խա­գահ ­Բայ­դէ­նի եւ պետ-քար­տու­ղար ­Քեր­րիի հետ: Ն­րանց կոչ եմ ա­րել, որ­պէս­զի սաս­տեն Ադր­բե­ջա­նին՝ չխախ­տել հրա­դա­դա­րի կա­նոն­նե­րը, բայց, ինչ­պէս տե­սաք, այդ հան­դի­պու­մից ըն­դա­մե­նը մի քա­նի ժամ յե­տոյ տե­ղի ու­նե­ցան ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, որ դեռևս յայտ­նի չի, թէ ին­չի՞ կը վե­րա­ճեն: Այս պա­հին սադ­րանք­նե­րը շա­րու­նակ­ւում են. հիւ­սի­սում եւ հա­րա­ւում կայ ո­րո­շա­կի լա­րո­ւա­ծու­թիւն, բայց ինչ­պէս ա­սա­ցի, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի զի­նո­ւած ու­ժե­րը վե­րահս­կում են ի­րա­վի­ճա­կը:
«Ար­տա­քին գոր­ծե­րի նա­խա­րա­րու­թեա­նը, կար­ծում եմ, անհ­րա­ժեշտ է հա­մա­գոր­ծակ­ցել ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ար­տա­քին գոր­ծե­րի նա­խա­րա­րու­թեան հետ եւ աշ­խա­տել ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հետ ռազ­մա­կան փոխ-օգ­նու­թեան պայ­մա­նա­գիր կնքե­լու ուղ­ղու­թեամբ: Անհ­րա­ժեշտ է պայ­մա­նագ­րի տեքստն ու­նե­նալ, հա­մա­պա­տաս­խան քննար­կում­ներ անց­կաց­նել եւ ու­ղար­կել Ազ­գա­յին ժո­ղով:

­Պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կի սաստ­կա­ցու­մը ա­րագ
եւ լայն ար­ձա­գանգ գտաւ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ

­Ռու­սաս­տա­նի ­Դաշ­նու­թեան նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր ­Փու­թին խոր մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ, սահ­մա­նա­գի­ծի վրայ, ար­ձա­նագ­րո­ւած «մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վերսկս­ման մա­սին հա­ղոր­դագ­րու­թեանց» վե­րա­բե­րեալ: Այդ մա­սին լրագ­րող­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց ­Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գա­հի մամ­լոյ քար­տու­ղար Դ­միտ­րի ­Պէս­կով.-
«­Նա­խա­գահ ­Փու­թին կոչ կ’ը­նէ հա­կա­մար­տու­թեան կող­մե­րուն ան­յա­պաղ դադ­րեց­նե­լու կրակն ու զսպո­ւա­ծու­թիւն դրսե­ւո­րել»,- ը­սած է ­Պէս­կով։
Իր կող­մէ՝ Ֆ­րան­սիա­յի նա­խա­գահ Ֆ­րան­սո­ւա ­Հո­լանտ յայ­տա­րա­րու­թիւն կա­տա­րեց՝ խո­րին ափ­սո­սանք յայտ­նե­լով ղա­րա­բա­ղեան շփման գի­ծին վրայ վեր­ջին լուրջ մի­ջա­դէ­պե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ, ո­րոնք մե­ծա­թիւ մարդ­կա­յին զո­հե­րու պատ­ճառ դար­ձան, այդ շար­քին՝ քա­ղա­քա­ցիա­կան բնակ­չու­թեան շար­քե­րէն ներս։
Է­լի­զէ­յեան պա­լա­տի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջին վրայ ­Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան տե­ղադ­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ՝ Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գա­հը ընդգ­ծեց, որ ա­սոնք ա­մե­նա­լուրջ եւ մա­հա­բեր ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներն են 1994 թո­ւա­կա­նի հրա­դա­դա­րի հաս­տա­տու­մէն ի վեր՝ յի­շեց­նե­լով, որ այդ ժա­մա­նակ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան հե­տե­ւան­քով ար­դէն շուրջ 30 հա­զար մարդ էր զո­հո­ւած։
­Հո­լանտ կող­մե­րուն մե­ծա­գոյն զսպո­ւա­ծու­թեան եւ հրա­դա­դա­րի ան­յա­պաղ, լիա­կա­տար ու տե­ւա­կան պահ­պան­ման կոչ ուղ­ղեց՝ շեշ­տե­լով ի­րա­վի­ճա­կի լից­քա­թափ­ման բա­ցար­ձակ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։
­Նոյն­պէս ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը խստա­գոյնս դա­տա­պար­տե­ցին հրա­դա­դա­րի լայ­նա­ծա­ւալ խախ­տում­նե­րը ղա­րա­բա­ղեան շփման գի­ծի եր­կայն­քով, ո­րու հե­տե­ւան­քով մեծ թո­ւով մար­դիկ զո­հո­ւե­ցան, այդ շար­քին՝ քա­ղա­քա­ցիա­կան ան­ձինք: Այդ մա­սին յայ­տա­րա­րեց Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու պետ­քար­տու­ղար ­Ճոն ­Քեր­րի:
«­Մեր ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք բո­լոր տու­ժած ըն­տա­նիք­նե­րուն», - ­Պետ­քար­տու­ղա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջով հրա­պա­րա­կո­ւած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կը նշէ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու արտ­գործ­նա­խա­րա­րը: «­Կոչ կ­՚ուղ­ղենք կող­մե­րուն՝ զսպո­ւա­ծու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու, խու­սա­փե­լու ի­րա­վի­ճա­կի հե­տա­գայ սրու­մէն եւ խստօ­րէն պահ­պա­նե­լու հրա­դա­դա­րը: Ան­կա­յուն ի­րա­վի­ճա­կը ցոյց կու տայ, թէ ին­չո՞ւ կող­մե­րը պէտք է ան­մի­ջա­պէս հա­կա­մար­տու­թեան հա­մա­պար­փակ կար­գա­ւոր­ման շուրջ բա­նակ­ցու­թեանց մէջ մտնեն Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հո­վա­նիին տակ»,- յայ­տա­րա­րած է ­Քեր­րի:
­Վերս­տին շեշ­տե­լով, որ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը ռազ­մա­կան լու­ծում չու­նի, պետ­քար­տու­ղա­րը շեշ­տած է.- «Որ­պէս Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կի­րի՝ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը հաս­տա­տա­պէս յանձ­նա­ռու կը մնան կող­մե­րու հետ աշ­խա­տե­լու՝ հաս­նե­լու հա­մար եր­կա­րա­տեւ ու բա­նակ­ցա­յին խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման»:
Իր կող­մէ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղան հան­դէս ե­կաւ գրգռիչ յայ­տա­րա­րու­թեամբ՝ Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Մե­րի­լենտ նա­հան­գի մէջ թուրք-ա­մե­րի­կեան մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի մը բաց­ման ժա­մա­նակ։ ­Պա­տաս­խա­նե­լով ատր­պէյ­ճան­ցի լրագ­րո­ղի մը հար­ցու­մին՝ Էր­տո­ղան անդ­րա­դար­ձաւ հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան շփման գի­ծին վրայ ըն­թա­ցող մար­տե­րուն:
Այդ մա­սին հա­ղոր­դեց թրքա­կան «­Հա­պեր­լեր» լրա­տո­ւա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը.-
«­Ցա­ւօք, տա­րի­ներ շա­րու­նակ գրաւ­ման տակ գտնո­ւող ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ ըն­թա­ցող պայ­քա­րը ­Մինս­քի Խմ­բա­կի կող­մէ լուրջ չըն­դու­նո­ւե­ցաւ։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ այ­սօր նման պատ­կե­րի ա­կա­նա­տես կը դառ­նանք: Ե­թէ ­Մինս­քի Խմ­բա­կը այս հար­ցին մէջ ար­դա­րա­ցի, վճռա­կան կեր­պով գոր­ծէր եւ ար­դիւ­նա­ւէտ քայ­լե­րու ձեռ­նար­կէր, այս օ­րին չէին հաս­ներ: ­Սա­կայն, ցա­ւօք, ­Մինս­քի Խմ­բա­կի թու­լու­թեան հե­տե­ւան­քով ի­րա­վի­ճա­կը այս կէ­տին հա­սած է: ­Մեր ատր­պէյ­ճան­ցի եղ­բայր­նե­րուն հա­մար Ալ­լա­հէն օգ­նու­թիւն կը խնդրեմ»,- ը­սած է Էր­տո­ղան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ «­Մենք մին­չեւ վերջ պի­տի շա­րու­նա­կենք հնա­րա­ւո­րինս ա­ջակ­ցիլ Ատր­պէյ­ճա­նին»:

­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն
միաս­նա­կան դա­տա­պար­տու­մը­

Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը միաս­նա­կան դա­տա­պար­տան­քի ար­ժա­նա­ցու­ցին ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քի ձեռ­նար­կած գրո­հը։
Իշ­խող ­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւո­րա­կան խմբակ­ցութ­յան ղե­կա­վար ­Վահ­րամ ­Բաղ­դա­սա­րեան յայ­տա­րա­րեց, թէ Ատր­պէյ­ճան հեր­թա­կան ան­գամ ցոյց տո­ւաւ իր ար­հա­մար­հան­քը մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան խա­ղա­ղու­թեան կո­չե­րուն նկատ­մամբ։ «­Սա ա­հա­բեկ­չու­թիւն է, ո­րը կա­տա­րո­ւել է Ադր­բե­ջա­նի կող­մից. ինձ թւում է, որ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րը շատ ա­րագ պէտք է ար­ձա­գան­գեն սրան եւ գնա­հա­տա­կան տան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­մա­նը խո­չըն­դո­տող կող­մին՝ հա­նե­լով հա­ւա­սա­րու­թեան նշա­նը, հա­կա­ռակ դէպ­քում ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի բա­նա­կը պատ­րաս­տա­կամ են լռեց­նե­լու սադ­րիչ­նե­րին»,- ը­սաւ ­Բաղ­դա­սա­րեան:
Իր կող­մէ ­Հայ Ազ­գա­յին ­Կոնգ­րէ ընդ­դի­մա­դիր խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ­Լե­ւոն ­Զու­րա­բեան յայտ­նեց, թէ քննար­կած են ի­րա­վի­ճա­կը Հ.Ա.Կ. վար­չու­թեան նիս­տին եւ հե­տե­ւեալ ու­ղեր­ձը կ­՚ուղ­ղեն Ատր­պէյ­ճա­նին.- «­Թող չկար­ծեն, թէ ներ­քին տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը թու­լաց­նում են ­Հա­յաս­տա­նը: Ար­տա­քին վտան­գի դէմ բո­լոր ու­ժե­րը միաս­նա­կան են»,- ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց.- «­Մենք հա­մա­րում ենք, որ շատ կա­րե­ւոր է, որ նախ և­ ա­ռաջ մեր զի­նո­ւոր­ներն ի­մա­նան՝ ան­կախ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րի հետ ներ-քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րում մեր հա­կա­սու­թիւն­նե­րից, ամ­բողջ քա­ղա­քա­կան վեր­նա­խա­ւը, բո­լոր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը, հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, հա­մախմ­բո­ւած են Ադր­բե­ջա­նին եւ նրա ագ­րե­սիա­յին հա­կա­հա­րո­ւած տա­լու հար­ցում»:
Իր հեր­թին ­Ժա­ռան­գու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան փոխ-նա­խա­գահ Ար­մէն ­Մար­տի­րո­սեան յայ­տա­րա­րեց.- «­Քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը գա­լիս եւ գնում են, փո­խում են ի­րենց տե­ղե­րը իշ­խա­նու­թեան եւ ընդ­դի­մու­թեան շար­քե­րում, սա­կայն հայ­րե­նի­քը մէկն է: «­Կար­ծում ենք, որ ադր­բե­ջա­նա­կան կող­մը սկսել է իր հեր­թա­կան ագ­րե­սիվ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, սա 1994 թո­ւա­կա­նին ստո­րագ­րո­ւած հրա­դա­դա­րի հեր­թա­կան խախ­տում է եւ, միան­շա­նակ, ամ­բողջ պա­տաս­խա­նատուու­թիւնն ընկ­նում է Ադր­բե­ջա­նի վրայ»,- ը­սաւ ­Մար­տի­րո­սեան:
Իսկ Հ.Յ.Դ. պատ­գա­մա­ւո­րա­կան խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար եւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան յայ­տա­րա­րեց, թէ կա­տա­րո­ւա­ծը սպա­սե­լի էր.- «Ադր­բե­ջանն իր սադ­րանք­նե­րով գնում էր դրան՝ փոր­ձե­լով դուրս բե­րել ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րու­մը ­Միսն­քի Խմ­բա­կի ձե­ւա­չա­փից: ­Միան­շա­նակ՝ Ադր­բե­ջանն ա­մէն ինչ ա­նում է, որ փո­խո­ւի կար­գա­ւոր­ման ձե­ւա­չա­փը, դա է իր հիմ­նա­կան խնդի­րը: Ի հար­կէ՝ կայ նաեւ այլ հարց՝ հե­տե­ւե­լով իր մեծ եղ­բօր՝ ­Թուր­քիա­յի մար­տա­վա­րու­թեա­նը... կա­պո­ւած նրա հետ, որ նախ ստեղ­ծեն միգ­րա­ցիոն հոսք, այ­նու­հե­տեւ՝ դրա­նից օգ­տո­ւեն: Այս միգ­րա­ցիոն ա­լի­քը, որ ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յով մէկ կայ, նրանք ու­զում են դրա­նից օ­գուտ­ներ քա­ղել եւ տպա­ւո­րու­թիւն ա­ռա­ջաց­նել, որ իր տա­րած­քում դա հետ­ևանք է իբ­րեւ թէ հայ­կա­կան ագ­րե­սիա­յի»:
­Նաեւ «­Բար­գա­ւաճ ­Հա­յաս­տան» կու­սակ­ցու­թիւ­նը կոչ ուղ­ղեց մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան, մաս­նա­ւո­րա­պէս հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­մամբ զբա­ղո­ւող ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հող երկր­նե­րուն՝ հա­մար­ժէք ու հաս­ցէա­կան գնա­հա­տա­կան տա­լու փաս­տա­ցի պա­տե­րազմ սան­ձա­զեր­ծած Ատր­պէյ­ճա­նի գոր­ծո­ղու­թեանց՝ հա­շո­ւի առ­նե­լով, որ ան­նա­խա­դէպ այս ի­րա­վի­ճա­կին ամ­բողջ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը նա­խա­յար­ձակ Ատր­պէյ­ճա­նինն է:

Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս Ար­ցա­խի նա­խա­գահ
­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նին յայտ­նեց իր ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը

­Շա­բաթ՝ 2 Ապ­րիլ 2016ի ա­ռա­ւօ­տուն, ի­մա­նա­լով ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ տե­ղի ու­նե­ցող բա­խում­նե­րուն մա­սին, Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ան­մի­ջա­պէս կապ հաս­տա­տեց Լ.Ղ. ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Տիար ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի հետ ու ա­նոր յայտ­նեց ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ­Ղա­րա­բա­ղի քա­ջա­րի բա­նա­կին։
­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը յատ­կա­պէս ը­սաւ.- «­Բա­ռին ամ­բող­ջա­կան ի­մաս­տով մենք զօ­րա­կից ենք ­Ղա­րա­բա­ղին, ա­նոր քա­ջա­րի բա­նա­կին, ժո­ղո­վուր­դին ու պե­տու­թեան։ ­Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան պաշտ­պա­նու­թիւ­նը եւ հզօ­րա­ցու­մը մե­զի հա­մար սրբա­զան պար­տա­ւո­րու­թիւն է։ Այս օ­րե­րուն մա՛­նա­ւանդ՝ երբ ­Ղա­րա­բա­ղը յար­ձա­կու­մի է են­թար­կո­ւած Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ, մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը՝ ­Հա­յաս­տա­նի թէ Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին, պէտք է ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը գործ­նա­պէս ար­տա­յայ­տեն ­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան գծով, ո­րով­հե­տեւ ­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թիւնն է եւ փո­խա­դար­ձա­բար»։

­Կա­մա­ւոր­ներ կ­՚ար­ձա­նագ­րո­ւին
Ար­ցա­խի օգ­նու­թեան հաս­նե­լու հա­մար

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ար­ցախփ­րես».- ­Վաղ ա­ռա­ւօ­տէն սկսեալ, Ար­ցա­խի Ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու ­Միու­թեան (Ա.Ա.Մ.) շէն­քին առ­ջեւ, հա­ւա­քո­ւած են բազ­մա­թիւ ա­զա­տա­մար­տիկ­ներ եւ ե­րի­տա­սարդ­ներ` ցան­կու­թիւն յայտ­նե­լով ան­յա­պաղ մեկ­նե­լու ճա­կատ:
Artsakhpressի թղթա­կի­ցի հետ զրոյ­ցին՝ Ա.Ա.Մ. վար­չու­թեան աշ­խա­տա­կից Ալ­վա­րօ ­Շէ­կեան տե­ղե­կա­ցուց, որ ար­դէն հա­րիւ­րա­ւոր կա­մա­ւոր ա­զա­տա­մար­տիկ­ներ ար­ձա­նագ­րո­ւած են ան­մի­ջա­պէս ճա­կատ մեկ­նե­լու հա­մար.- «­Մենք բո­լորս կազմ-պատ­րաստ կը սպա­սենք Լ.Ղ.Հ. Պ.Բ. հրա­մա­նա­տա­րու­թեան կո­չին եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին ան­յա­պաղ կը մեկ­նինք ա­ռաջ­նա­գիծ»: