Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՖ­րան­սա­կան We Demain ամ­սա­գի­րը աշ­խար­հի ա­մե­նա­նո­րա­րար դպրոց­նե­րու տաս­նեա­կի վար­կա­նիշ կազ­մած է: Ա­ռա­ջին տե­ղը ­Հա­յաս­տա­նի «­Թու­մօ» Ս­տեղ­ծա­րար Ար­հե­սա­գի­տու­թիւն­նե­րու ­Կեդ­րոնն է: ­Տաս­նեա­կին մէջ են նաեւ այն­պի­սի դպրոց­ներ, ինչ­պէս՝ ­Սի­լի­

քո­նեան հո­վի­տի AltSchoolը, ­Թո­քիո­յի Fuji Kindergartenը ու Steve Jobs Schoolsը։ Այս մա­սին կը յայտ­նէ «­Թու­մօ»ի դի­մա­տետ­րի է­ջը:

«­Թու­մօ» կեդ­րո­նը անվճար ար­տադպ­րո­ցա­կան ծրա­գիր է, որ­մով 12-18 տա­րե­կան պա­տա­նի­նե­րը կ­՛ու­սա­նին սե­փա­կան յանձ­նա­ռու­թեամբ: Ա­ռա­ջին «­Թու­մօ» կեդ­րո­նը ստեղ­ծո­ւած է Ե­րե­ւա­նի մէջ` ­Սեմ եւ ­Սիլ­վա ­Սի­մո­նեան­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ­Սի­մո­նեան Կր­թա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ եւ իր դռնե­րը բա­ցած է ա­շա­կերտ­նե­րու առ­ջեւ 2011ի Օ­գոս­տոս 14ին: ­Կեդ­րո­նա­կան Դ­րա­մա­տան «­Գի­տե­լիք յա­նուն զար­գաց­ման» ծրա­գի­րին շնոր­հիւ՝ 2013ի ­Փետ­րո­ւա­րէն «­Թու­մօ» կը գոր­ծէ նաեւ ­Դի­լի­ջա­նի մէջ (մօտ 300 ու­սա­նող ու­նի)։

Այս մա­սին կը գրէ Panarmenian.net: «­Թու­մօ»-Հ.Բ.Ը.Մ. գոր­ծակ­ցու­թեամբ 2015ի ­Մա­յի­սին նաեւ բա­ցո­ւե­ցաւ ­Գիւմ­րիի «­Թու­մօ» կեդ­րո­նը: 2015ի ­Սեպ­տեմ­բեր 2ին «­Թու­մօ» կեդ­րոն բա­ցո­ւե­ցաւ նաեւ Լ.Ղ.Հ. մայ­րա­քա­ղա­քի մէջ: ­Կեդ­րո­նի բա­ցում կը սպա­սո­ւի նաեւ ­Ջա­ւախ­քի մէջ: ­Գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը մի­տում ու­նի տա­րա­ծե­լու «­Թու­մօ»ն ­Հա­յաս­տա­նի այլ քա­ղաք­նե­րու վրայ, ինչ­պէս նաեւ երկ­րի սահ­ման­նե­րէն դուրս: