Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Ար­ծուիկ Մի­նա­սեան, 29 Մար­տին, ըն­դու­նած է Վե­րա­կա­ռուց­ման եւ Զար­գաց­ման Եւ­րո­պա­կան Դ­րա­մա­տան ե­րե­ւա­նեան գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար Մարք Տէյ­վի­սը: Նա­խա­րա­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է դրա­մա­տան` Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման ի­մաս­տով ծա­ւա­լած հսկա­յա­կան գոր­ծու­նէու­թեան

հա­մար: Ն­շե­լով, որ այս հան­դի­պու­մը ա­ռիթ է նաեւ խօ­սե­լու ցա­ւոտ հար­ցե­րու մա­սին, նա­խա­րա­րը ման­րա­մաս­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձած է շարք մը խնդիր­նե­րու, ո­րոնք եր­կուս­տեք հե­տաքրք­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն:

Նախ կա­րե­ւոր նկա­տո­ւած է հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը` կա­ռոյ­ցի եւ նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող ծրա­գիր­նե­րու փոխ-հա­մա­ձայ­նե­ցո­ւած, հա­մա­կար­գո­ւած գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռու­մով, ինչ որ ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ պի­տի դարձ­նէ տո­ւեալ ծրա­գի­րին ի­րա­կա­նա­ցու­մը: Քն­նարկ­ման նիւթ ե­ղած են նաեւ դրա­մագ­լուխ­նե­րու շու­կա­նե­րու զար­գա­ցումն ու տե­ղա­կան դրա­մա­նի­շով տնտե­սա­ւոր­ման խթան­ման հար­ցե­րը: «­Պե­տա­կան կար­գա­ւոր­ման մար­զին մէջ ա­ռեւ­տու­րի եւ շու­կա­նե­րու օ­րէնսդ­րա­կան լիա­զօ­րու­թիւն ու­նե­նա­լով, մեր նա­խա­րա­րու­թեան կա­րե­ւոր խնդիր­նե­րէն մէ­կը այ­սօր դրա­մագ­լու­խի շու­կա­յի թեր-զար­գա­ցած վի­ճա­կի փո­փո­խու­թիւնն է:

Դժբախ­տա­բար, Հա­յաս­տա­նի մէջ դրա­մագ­լու­խի ար­դիւ­նա­ւէտ շու­կայ չէ ձե­ւա­ւո­րո­ւած, մինչ­դեռ ա­տի­կա շու­կա­յա­կան տնտե­սու­թեան ա­ռա­ջին հիմ­նա­կան գրա­ւա­կանն է: Այս ուղ­ղու­թեամբ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը նաեւ մե­ծա­ծա­ւալ գոր­ծու­նէու­թիւն կը նա­խա­տե­սէ ի­րա­կա­նաց­նել` ապ­րան­քա­յին եւ ա­ծան­ցեալ­նե­րու շու­կա­նե­րու նոր օ­րէնսդ­րու­թիւն մշա­կե­լու եւ կեան­քի կո­չե­լու ա­ռու­մով»,- նշած է Ար­ծո­ւիկ Մի­նա­սեան: Կի­սե­լով մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յա­ցո­ւած հար­ցե­րուն գծով` Մարք Տէյ­վիս հաս­տա­տած է դրա­մա­տան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը` հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը խո­րաց­նե­լու: Հան­դի­պու­մին ա­ւար­տին կող­մե­րը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նած են ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մին ար­դիւ­նա­ւէտ քննար­կում­նե­րուն գծով: