28 Մարտին սկսած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի Միացեալ Նահանգներ տուած պաշտօնական այցելութիւնը: Մասաչուսեց նահանգին մէջ ան այցելած է հայաշատ Ուոթըրթաուն քաղաքը, ուր հայեր անցեալ երկու դարերու ընթացքին հիմնած են ազգա
յին լուրջ կառոյցներ: Այս մասին կը հաղորդեն նախագահի պաշտօնական կայքէն:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախ հիւրընկալուած է Ամերիկայի Հայկական Գրադարան-Թանգարանին մէջ, որ հիմնուած է 1971 թուականին: Թանգարանը հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող կարեւոր կառոյցներէն է, ունի դրամներու, յախճապակեայ իրերու, խեցեգործական իրերու, գորգերու, կրօնական պարագաներու, դրոշմաթուղթերու, հիւսուածեղէնի, մետաղեայ իրերու, քարտէսներու, տպագիր նիւթերու եւ միջնադարեան մանրանկարչութեան հարուստ հաւաքածոյ:
Հայաստանի նախագահը շրջագայած է գրադարան-թանգարանին մէջ, ծանօթացած ցուցադրութեան դրուած նմոյշներուն, մշակութային այս հաստատութեան գործունէութեան մասին զրուցած է պատասխանատուներուն հետ: Հանրապետութեան նախագահը գրադարան-թանգարանի հաւաքածոն համալրած է Ժանսեմի մէկ ստեղծագործութեամբ, զոր նուիրած է հաստատութեան:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան այնուհետեւ այցելած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան «Պայքար» եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Հայրենիք» կեդրոնները, ծանօթացած յիշեալ կեդրոններուն մէջ ազգային զոյգ կուսակցութիւններու ծաւալած գործունէութեան ու ներկայ պայմաններուն:
Պոսթընի «Հայրենիք»ը Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափի հնագոյն հայկական կեդրոնն է, ուր հաստատուած են Հ.Յ.Դ. Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափի Կ. Կոմիտէի գրասենեակը, Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնը, ինչպէս նաեւ «Հայրենիք» ձայնասփիւռի կայանի, «Արմինիըն Ուիքլի» եւ «Հայրենիք» շաբաթաթերթերու խմբագրատուները: Հ.Յ.Դ. «Հայրենիք» կեդրոնին մէջ կը գտնուի նաեւ կուսակցութեան արխիւը, ուր կը պահուին 1918-1920 թուականներու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ յաջորդող տասնամեակներուն Հ.Յ.Դ. գործունէութեան վերաբերեալ նիւթերը:
Շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ այցելութեան ընթացքին, նախագահ Սարգսեան ունեցած է հանդիպումներ եւ զրոյցներ: Նախագահը դիմաւորուած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէին կողմէ, գլխաւորութեամբ Կ.Կ.ի ներկայացուցիչ Հայկ Օշականի: Ներկայ եղած են նաեւ ուղեկից միութիւնները` Հ.Օ.Մ.ը, «Համազգային»ը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը:
Այցելութեան առաջին հանգրուանն էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արխիւներու սենեակը, ուր պատասխանատու դոկտ. Ասպետ Քոչիկեան մանրամասնօրէն փոխանցած է համապատասխան տեղեկութիւններ:
Ապա՝ նախագահը ուղղուած է 117ամեայ «Հայրենիք»ի խմբագրատուն, ուր տեսակցած է անձնակազմին հետ: Ապա՝ տեղի ունեցած է հանդիպում Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէին հետ: Այս առիթով՝ Հայկ Օշական նախագահին յանձնած է յուշանուէր, որ 1919ի պատմական լուսանկար մըն է, ուր Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն պատուիրակութիւն մը այցելած էր Պոսթըն: Նաեւ այս հանդիպման ընթացքին, Հ. Օշական «Սարդարապատ» շքանշանով մեծարած է տարիներ շարունակ գաղութին մէջ ծառայած Զոհրապ Թազեանը:
Արծարծուած են զանազան հարցեր, որոնց կարգին` Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակն ու Արցախի հիմնահարցը:
Նախագահ Սարգսեան ողջունած եւ հաւասարապէս կարեւոր նկատած է ազգային կուսակցութիւններուն ազգանուէր գործունէութիւնն ու յաջողութիւն մաղթած բոլորին:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Միացեալ Նահանգներ այցելութեան առաջին օրը այցելած է նաեւ Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եւ Ս. Երրորդութիւն հայկական եկեղեցիները:
Նշենք, որ 1991ին, Ուոթըրթաունի հայկական համայնքին առաջարկով, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ փողոցը վերանուանուած է «Արցախ», իսկ 6 Օգոստոս 2012ին Մասաչուսեց նահանգի Ներկայացուցիչներու Տունը ընդունած է բանաձեւ, որով կոչ կ՛ուղղուի Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրէսին` աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին:
Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի տուած այցելութեամբ, 28 Մարտին, աւարտած է Հայաստանի նախագահին աշխատանքային այցելութեան առաջին օրը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան եկեղեցւոյ պատուոյ հիւրերու գիրքին մէջ կատարած գրառման մէջ ընդգծած է հայոց եկեղեցւոյ առանձնայատուկ դերակատարութիւնը հայապահպանութեան առումով` չափազանց կարեւոր նկատելով այդ պատմական առաքելութիւնը:
29 մարտին Հայաստանի նախագահը այցելած է Պոսթընի Հին հիւսիսային եկեղեցի, որուն հոգեւոր հովիւ Տ. Ստեֆան Այըրսի եւ հայ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ մատուցուած է սուրբ պատարագ: Այս եպիսկոպոսական եկեղեցին էր, որ 18րդ դարուն առաջին անգամ ըլլալով արտօնութիւն տուաւ Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայութեան, որ հոն պատարագ մատուցեն:
Հայաստանի նախագահին Հին հիւսիսային եկեղեցի այցելութեան նպատակն էր յարգանքի տուրք մատուցանել Միացեալ Նահանգներու անկախութեան խորհրդանիշներէն մէկուն եւ գնահատել հայերուն նկատմամբ այս եկեղեցւոյ եւ, առհասարակ, անկլիքան եկեղեցւոյ բարեացակամ վերաբերմունքը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան այնուհետեւ այցելած է «Հայկական Ժառանգութեան Պուրակ», որ հիմնուած է ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւած այլ ցեղասպանութիւններու զոհերուն, ինչպէս նաեւ՝ ի փառաբանումն Մասաչուսեցի եւ Պոսթընի մէջ ապաստանած ամերիկահայերու եւ այլ ներգաղթեալ համայնքներու մեծ ներդրումին:
Պուրակի հիմնադրութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած Մասաչուսեցի նախկին նահանգապետ Փաթրիք Տեւալի, Պոսթընի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւնները համակարգող Մասաչուսեցի Կոմիտէի համանախագահ Ճէյմս Գալուստեանի, պուրակի կառուցումը կատարած «Հայոց Ժառանգութիւն» հիմնադրամի գործադիր կոմիտէի անդամ, Միտլսեքս շրջանի շերիֆ Փիթըր Քութուջեանի, հիմնադրամի այլ անդամներու եւ հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ Հայաստանի նախագահը շրջագայած է քաղաքային զբօսայգիին մէջ, ուր կը գտնուի «Հայկական Ժառանգութեան Պուրակ»ը, այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր` ծաղկեպսակ զետեղած եւ յարգանքի տուրք մատուցանած Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Աւարտին նախագահ Սարգսեան նաեւ յարգանքի տուրք մատուցանած է Ողջակիզումի յուշարձանին մօտ: