Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան 26 Մարտին աշխատանքային այցելութիւն տուաւ Արագածոտնի մարզ, ուր մարզպետ Գաբրիէլ Գէօզալեանի ընկերակցութեամբ շրջագայեցաւ մարզի Թաթուլ, Հացաշէն, Սուսեր, Զարինջա, Նոր Ար
թիկ, Ցամաքասար գիւղերուն մէջ` ծանօթանալով տուեալ շրջաններու դիմագրաւած հարցերուն:
Յատկանշական է, որ ընտրուած շրջանները մարզի կեդրոնէն հեռու են եւ ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններ կը դիմագրաւեն: Նախարարի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, շրջանի բնակիչները եւ գիւղապետները անդրադարձած են առաջնահերթ լուծում պահանջող խնդիրներուն:
Թաթուլ համայնքի բնակիչներուն համաձայն, գիւղին մէջ առաջնահերթ է կաթի համար նախատեսուած յատուկ սառնարաններու ապահովումը: Անոնք խօսեցան նաեւ անասնակերի բարձր գիներուն մասին: Նախարարը խոստացաւ քննարկել եւ եթէ կարելի ըլլայ գիւղին գոնէ երկու սառնարան տրամադրել, իսկ ինչ կը վերաբերի անասնակերի (թեփ) բարձր գինին, Դաւիթ Լոքեան նշեց, թէ այս հարցը առկայ է նաեւ միւս գիւղերուն մէջ, ուստի իրենք կը փորձեն յստակացնել անասնակերի ներածման կապուած խնդիրները եւ լուծում տալ անոնց:
Քննարկուեցաւ նաեւ քանի մը գիւղերու համար ալրաղաց կառուցելու, ինչպէս նաեւ Թալինի մէջ սպանդանոց հիմնելու հարցը, ինչ որ որոշ չափով պիտի թեթեւցնէ գիւղացիներուն բեռը: Թալինի շրջանի գիւղերու բնակիչները, հրատապ լուծում պահանջող խնդիրներէն, յատուկ կերպով անդրադարձած են ճամբաներու նորոգութեան հարցին: Կարգ մը գիւղերու մէջ ճամբաներու անմխիթար վիճակին պատճառով կարելի չ՛ըլլար երթեւեկել, ուստի կաթ մթերողները կը մերժեն այդ գիւղերը երթալ:
Համայնքապետերուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին նախարար Դաւիթ Լոքեան ուզեց գիտնալ, թէ ի՛նչ յստակ ծրագիրներու կարիք կայ` մեկնելով տուեալ գիւղին դիմագրաւած հարցերէն: