Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ 7-8 Ապրիլին պիտի այցելէ Հայաստան՝ Եւրասիական Միջ-կառավարական Խորհուրդի յառաջիկայ նիստին մասնակցելու համար:
Հայաստանի ղեկավարութեան հետ բանակցութեանց ընթացքին նախատեսուած է քննարկել երկկողմանի համագործակցութեան հեռանկարները՝ առեւտրատնտեսական, ներդրումային, ուժանիւթի, արդիւնաբերական, մշակութային, մարդասիրական եւ այլ բնագաւառներու մէջ։
Նախատեսուած է նաեւ միջ-կառավարական եւ միջ-գերատեսչական փաստաթուղթերու ստորագրութիւն:
8 Ապրիլին Ռուսիոյ վարչապետը պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ կայանալիք Եւրասիական Միջ-կառավարական Խորհուրդի նիստին, որուն օրակարգին վրայ պիտի ըլլան եւրասիական տնտեսական համարկման խորացման առնչուող առաջնային հարցեր