Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Մարտ 26ին ըն­դու­նած է Վ­րաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խէիլ Ջա­նե­լի­ձէն:
Ինչ­պէս կը տե­ղե­կաց­նէ Հ.Հ. նա­խա­գա­հի տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ կա­պի վար­չու­թիւ­նը՝ նա­խա­գա­հը ող­ջու­նած է հիւ­րը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւն ա­նոր պաշ­տօ­նա­կան ա­ռա­ջին այ­ցի ծի­րէն ներս եւ յոյս յայտ­նած, որ ա­նի­կա նոր խթան պի­տի հան­դի­սա­նայ հայ-վրա­ցա­կան երկ­կողմ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խո­րաց­ման գոր­ծին:

Սերժ Սարգ­սեան գո­հու­նա­կու­թեամբ հաս­տա­տած է, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Վ­րաս­տա­նի մի­ջեւ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն զգա­լիօ­րէն աշ­խու­ժա­ցած են բարձր մա­կար­դա­կի շփում­ներն ու քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը` հիմ­նո­ւած ա­ւան­դա­կան բա­րի-դրա­ցիա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ եր­կու եղ­բայ­րա­կան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թեան վրայ:

Հ.Հ. նա­խա­գա­հը ջեր­մու­թեամբ յի­շած է ան­ցեալ տա­րո­ւան Հոկ­տեմ­բե­րին Վ­րաս­տան իր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցը, ո­րու ըն­թաց­քին ար­դիւ­նա­ւէտ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած է երկ­րի բարձր ղե­կա­վա­րու­թեան հետ` քննար­կե­լով երկ­կողմ օ­րա­կար­գի կա­րե­ւո­րա­գոյն հար­ցե­րը, ո­րոնց մէջ` փոխ-շա­հա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու լայն շրջա­նակ:

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ձեռք բե­րո­ւած պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­գործ­ման տե­սան­կիւ­նէն կա­րե­ւոր հա­մա­րած է միջ-կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, սերտ շփում­նե­րը նաեւ միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան ձե­ւա­չա­փով:

Հ.Հ. նա­խա­գա­հը եւ Վ­րաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը հա­մա­կար­ծիք ե­ղած են, որ Հա­յաս­տան եւ Վ­րաս­տան` ներգ­րա­ւո­ւած ըլ­լա­լով տար­բեր ըն­դե­լուզ­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րու` Հա­յաս­տա­նը ան­դա­մակ­ցե­լով Ե.Ա.Տ.Մ.ին, իսկ Վ­րաս­տա­նը ստո­րագ­րե­լով Ե.Մ.ի հետ ըն­կե­րակ­ցու­թեան մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, մեծ նե­րուժ ու­նին զար­գաց­նե­լու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը նաեւ այդ գոր­ծըն­թաց­նե­րու շրջա­նակ­նե­րուն մէջ կու­տա­կած փոր­ձի փո­խա­նակ­ման, հա­մա­տեղ ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­գործ­ման ա­ռու­մով: Կող­մե­րուն հա­մոզ­մամբ, ա­տի­կա ո­րա­կա­պէս նոր մա­կար­դա­կի կը բարձ­րաց­նէ հայ-վրա­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը:

Վ­րաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խէիլ Ջա­նե­լի­ձէն եւս կա­րե­ւոր հա­մա­րած է Հ.Հ. նա­խա­գա­հին ան­ցեալ տա­րե­վեր­ջին Վ­րաս­տան կա­տա­րած այ­ցը եւ ընդգ­ծած, որ իր խո­րին հա­մո­զու­մով, լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կան՝ բարձր մա­կար­դա­կի քա­ղա­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ՝ զար­գաց­նե­լու տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, կեան­քի կո­չե­լու հե­ռան­կա­րա­յին նոր հա­մա­տեղ ծրա­գիր­ներ:

Սերժ Սարգ­սեան եւ Մի­խէիլ Ջա­նե­լի­ձէ կա­րե­ւո­րած են նաեւ եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ, ի­րա­րու հա­մար սկզբուն­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող զգա­յուն հար­ցե­րու նկատ­մամբ, հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած եւ փո­խա­դարձ շա­հե­րու յարգ­ման վրայ հիմ­նո­ւած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս հայ-վրա­ցա­կան ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը: