Լ.Ղ.Հ. մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը կը նախաձեռնէ «Տատիս սնտուկը» թեմայով ցուցահանդէս, ուր պիտի ցուցադրուին ընտանիքներու մէջ կամ անհատներու մօտ նախորդ սերունդներէն պահպանուած ձեռագործ աշխատանքներ եւ կենցա
ղային իրեր:
Այս մասին կը տեղեկացնէ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
Այն անձերը, որոնք տան մէջ ունին հին ձեռագործեր` գորգ, կարպետ, անկողնապարկ, խուրջին, ասեղնագործ, ինչպէս նաեւ հին խեցեղէն, փայտէ եւ մետաղէ գեղարուեստական իրեր, հին տարազ կամ տարազի բաղադրիչներ, ուստի կրնան մասնակցիլ վերոնշեալ ցուցահանդէսին, որ պիտի կայանայ Մայիս 18ին` Թանգարաններու Միջազգային Օրին, Ստեփանակերտի մէջ:
Աղբիւրին համաձայն` ցուցահանդէսին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է մինչեւ Ապրիլ 20 դիմել Լ.Ղ.Հ. մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու բաժին: