Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան շէնքի 9րդ յարկի դահլիճին մէջ (հասցէ` Վազգէն Սարգսեան 3) Մարտ 29ին` ժամը 14։30ին, տեղի պիտի ունենայ հունգարահայ համայնքի կողմէ վերահրատարակուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Մուսա լերան 40 օրերը» հուն
գարերէն թարգմանութեամբ գիրքին շնորհանդէսը: Գիրքը պիտի ներկայացնէ Հունգարիոյ Հայ Ազգային Ինքավարութեան ղեկավարի տեղակալ Ալեքս Աւանեսեան:
Այս մասին կը հաղորդէ Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան գրասենեակը։ 2015ի Ապրիլին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, հունգարահայ համայնքին կողմէ վերահրատարակուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա Լերան 40 օրերը» հունգարերէն թարգմանութեամբ գիրքը:
«Մուսա Լերան 40 օրերը» առաջին անգամ հրատարկուած է 1933ին եւ մէկ տարի յետոյ արժանացած է «Տարուան լաւագոյն վէպ» միջազգային միցանակին: Անիկա լոյս տեսած է մօտ մէկ միլիոն օրինակով եւ թարգմանուած 36 լեզուներով: Հունգարիոյ մէջ վէպը առաջին անգամ թարգմանուած եւ հրատարակուած է 1945ին, այնուհետեւ վերահրատարակուած` 1957, 1965, 1966, 1973, 1978, 2001 եւ 2015 թուականներուն: