«Մանկական Եւրատեսիլ 2011»-ի մեկնարկին մնացած է երկու օր: Կազմնակերպիչներու հաւաստմամբ, այն վստահաբար պիտի տարբերի նախորդներէն:
«Մանկական Եւրետեսիլ» միջազգային երգի մրցոյթը երբեք միանման, նոյն ձեւաչափով չի կազմակերպուիր, ամէն տարի նոր փոփոխութիւններ տեղի կ'ունենան, նոր գաղափարներ կը ներդրուին»,-
Նոյեմբեր 30-ին Մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսին ընթացքին նշեց Եւրոպական հեռարձակողներու միութեան համակարգող Սիթցէ Պեքքերը՝ ներկաներուն ողջունելով հայերէն «Բարեւ ձեզ»ով: Ան նշեց, որ ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, երբ հանդիսատեսը կը սկսէր քուէարկել ամիջապէս առաջին ելոյթէն ետք, այս տարի քուէարկութիւնը պիտի սկսի հին կանոններու համաձայն՝ բոլոր կատարումներու աւարտէն ետք 15 վայրկեանի ընթացքին:
Միւս փոփոխութեան համաձայն՝ եթէ ամէն երկրի փոքրիկ ներկայացուցիչը, քուէարկութեան արդիւնք-ները յայտարարելու ընթացքին կը նշուէր միայն գլխաւոր թիւերը՝ 8-12, մնացած թիւերը կը յայտարարուէին համակարգիչի միջոցով, այս տարի մենք 1-7 միաւորները նոյնպես կը յայտարարենք: Մրցոյթը կը տեւէ երկու ժամ, որուն կը յաջորդէ աննախադէպ հրավառութիւն:
«Մենք յոյս ունենք, որ մրցոյթը կը լինի տպաւորիչ, իւրայատուկ, եւ թէ՛ մասնակիցները, թէ՛ հանդիսատեսը մեծ բաւականութիւն կը ստանան»,- ըսաւ «Մանկական Եւրատեսիլ 2011»ի պատուիրակութիւններու ղեկավար Գոհար Գասպարեանը: «Մանկական Եւրատեսիլ 2011»ի գործադիր արտադրիչ Լեւոն Սիմոնեանի խօսքով՝ այս միջոցառումը Հայաստանի ստեղծագործական խումբի համար առաջին հերթին մեծ փորձ է՝ նման մեծ նախագիծի իրականացման գործով:
«Մենք փորձում ենք անել ամէն ինչ, ինչպէս մրցոյթի կարգախօսում է ասւում, իսկապէս բարձունքին հասնելու համար»,- աւելցուց Սիմոնեանը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Եւրոպական հեռարձակողներու միութեան եւ «World Vision» ընկերութեան՝ մրցոյթի կազմակերպման աջակցելու համար:
«Մանկական Եւրատեսիլ 2011»ի յատուկ հիւրերու շարքին են երգչուհի Սիրուշոն եւ Վլադիմիր Արզումանեանը: «Բոլոր անակնկալները չենք բացայայտի, քանի որ հետաքրքիր չի լինի, այնպէս որ ամենակարեւոր անակնկալները, այդ թւում՝ միւս յատուկ հիւրերի անունները, դեռ առջեւում են»,- նշեց Գասպարեանը:
ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՍԱՏԱՐԵԼՈՒ ՄԱՆԿԱԿԱՆ «ԵՒՐԱՏԵՍԻԼ»-Ի ՄԱՍՆԱԿԻՑԻՆ
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան կոչ ուղղեց սատարելու Մանկական «Եւրատեսիլի»- հայ մասնակիցին:
Ան նշեց, որ պահն է հերթական համախմբման, միասնականութեան եւ յաղթանակի: Ան սիրով, յոյսով եւ հաւատքով դիմեց բոլոր անոնց, որոնք անկախ իրենց բնակութեան վայրէն, կ՛ապրին հայով ու Հայաստանով եւ կը ցանկան, որ Եռագոյնը ծածանի երկնակամարին վրայ՝ իբրեւ հաւաքական մենքի հերթական նուաճում:
Ըստ անոր, «Եւրատեսիլ» երգի փառատօնը այն մշակութային տօներէն մէկն է, որ իւրաքանչիւր անձ կը տոգորէ խինդով եւ ուրախութեամբ, յուզմունքով եւ սպասման տագնապով, իսկ երբ խօսքը «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին կը վերաբերի, որեւէ զգացում կը բազմապատկուի: Ան յայտնեց, որ հասուն տաղանդին կը միախառնուին մանուկի անմեղութիւնը, ժպիտն ու խանդավառութիւնը, հոգեցունց պահերով եւ ուրախութեամբ կը լեցնեն մեր հոգիները:
Հրանուշ Յակոբեան համոզում յայտնեց, որ այս տարի հայերը աւելի գործուն մասնակցութիւն պիտի ունենան, պիտի յաջողին գօտեպնդել, ոգեւորել մեր մասնակիցը, որ մայր հողի վրայ գտնուելով‘ աւելի համարձակ, ինքնավստահ կը զգայ: «Բացի անկէ, անոր պէտք է զօրակցինք մեր ներկայութեամբ, մեր հաւատքով, մեր աղօթքով, բարոյական կորովով ու ջերմութեամբ: Անգամ մը եւս ընդգծենք մերօրեայ հոգեւոր-մշակութային մրցումներուն մէջ մեր միասնականութեամբ յաղթելու կարեւորութիւնը», ընդգծեց սփիւռքի նախարարը:
Հրանուշ Յակոբեան յայտնեց, որ իր կոչը ուղղուած է ոչ միայն սփիւռքի մէջ ապրող հայրենակիցներուն, որոնք աշխուժութեամբ կը քուէարկեն Տալիթայի օգտին, այլեւ օտարազգիներուն, որոնց կը հետաքրքրէ հայուն ու Հայաստանին յաղթանակը:
«Յաջողութիւն քեզի, սիրելի՛ Տալիթա, թող միայն յաղթանակը ուղեկից ըլլայ քեզի: Անով դուն աւելի կը զօրացնես աշխարհասփիւռ հայ պատանիներուն եւ աղջիկներուն հայ ըլլալու զգացողութիւնը եւ հպարտութիւնը, մեր հաւաքական արարման ոգին: Քու թիկունքիդ կանգնած է հայրենիքի եւ սփիւռքի հայութեան՝ քեզի սատարող հզօր բանակ մը եւ քեզի հետ է համայն հայութեան սէրն ու աջակցութիւնը: Զօրաւոր եղի՛ր, զօրացի՛ր յաղթանակով եւ զօրացո՛ւր մեզ, սիրելի՛ դուստր», ըսաւ Հրանուշ Յակոբեան: