Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀա­յաս­տան մշա­կած է «­Զի­նո­ւած դի­մա­կա­յու­թիւ­նը զսպե­լու» նոր հա­յե­ցա­կարգ: Այս մա­սին, ­Մարտ 21ին, Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան վար­չա­կան հա­մա­լի­րին մէջ, Հ.Հ. ­Զի­նո­ւած Ու­ժե­րու (Զ.ՈՒ.) ղե­կա­վար կազ­մի գործ­նա­կան հա­ւաք­նե­րու մեկ­նար­կի ժա­մա­նակ,

իր խօս­քին մէջ նշած է է Հ.Հ. նա­խա­գահ, Զի­նո­ւած Ու­ժե­րու գե­րա­գոյն գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տար ­Սերժ ­Սարգ­սեան:

­Նա­խա­գա­հի մա­մու­լի գրա­սե­նեա­կէն կը յայտ­նեն, որ ­Սերժ ­Սարգ­սեան անդ­րա­դար­ձած է նաեւ ան­ցեալ տա­րի շփման գի­ծին վրայ ար­ձա­նագ­րո­ւած սրու­մին, ինչ­պէս նաեւ ի­րա­վի­ճա­կին՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մեր­ձա­տա­րած­քին, ինչ­պէս ­Սու­րիոյ եւ Ուք­րա­նիոյ մէջ: «­Տա­րե­վեր­ջին Հ.Հ. ­Զի­նո­ւած Ու­ժե­րը ստա­ցան ո­րա­կա­պէս նոր սպա­ռա­զի­նու­թիւն եւ հե­տա­գայ մա­տա­կա­րար­ման ե­րաշ­խիք­ներ:

Էլ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է, որ մշա­կել էք ձեր օգ­տա­գոր­ծած եզ­րոյ­թով` «­Զի­նո­ւած դի­մա­կա­յու­թիւ­նը զսպե­լու» նոր հա­յե­ցա­կարգ: ­Կար­ծում եմ` օգ­տա­կար կը լի­նի օ­պե­րա­տիւ հա­ւա­քի ըն­թաց­քում ներ­կա­յաց­նել պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մօ­տե­ցում­նե­րը տա­րա­ծաշր­ջա­նում ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կի եւ երկ­րի անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­մանն ուղ­ղո­ւած գոր­ծա­ռոյթ­նե­րի կա­տար­ման նկատ­մամբ»,- ը­սած է նա­խա­գա­հը եւ շարք մը այլ ա­ռա­ջար­կու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցած ու հա­մա­պա­տաս­խան ցու­ցում­ներ տո­ւած է գործ­նա­կան հա­ւաք­նե­րու մաս­նա­կից­նե­րուն:

­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ներ­կա­նե­րուն մաղ­թած է ար­գա­սա­բեր աշ­խա­տանք ու աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն գործ­նա­կան հա­ւաք­նե­րուն եւ պա­տաս­խա­նած է հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րուն հե­տաքրք­րող բազ­մաբ­նոյթ հար­ցե­րուն, ո­րոնք վե­րա­բե­րած են Լ.Ղ. հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լի վի­ճա­կին, սահ­մա­նա­մերձ բնա­կա­վայ­րե­րու խնդիր­նե­րուն, դաշ­նա­կից պե­տու­թիւն­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թա­ցիկ հար­ցե­րուն, ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու, վե­թե­րան­նե­րու եւ զին­ծա­ռա­յող­նե­րու ըն­կե­րա­յին պայ­ման­նե­րու բա­րե­լաւ­ման ուղ­ղու­թեամբ նա­խա­տե­սո­ւող ծրա­գիր­նե­րուն եւ այլն: