10 Մարտին, Հայաստանի ազգային պատկերասրահին եւ Թեհրանի ժամանակակից արուեստներու թանգարանին միջեւ, ստորագրուեցաւ յուշագիր, որ կ՛ենթադրէ յառաջիկային հայ եւ իրանցի նկարիչներու աշխատանքներու ցուցադրութիւններու կազմակերպում: «Սա մեզ համար կարեւոր փաստաթուղթ է, որը սկիզբն է Իրանի խոշորագոյն թանգարաններից մէկի հետ աշխատանքի: Թանգարանը բաւականին լուրջ հաւաքածու ունի՝ իրանական արուեստից մինչեւ Եւրոպայի լաւագոյն նկարիչների
աշխատանքներ»,- յայտնած է Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահի տնօրէն Արման Ծատուրեան:
Թեհրանի ժամանակակից արուեստներու թանգարանի տնօրէն Մաճիտ Մոլլա Նորուզի նկատել տուած է, որ պատկերասրահի հետ գործակցութիւնը նոյնիսկ ուշացած է.- «Հայերը եւ իրանցիները պէտք է ծանօթանան իրենց մշակոյթի գլուխ-գործոցներուն: Յոյսով եմ, որ յառաջիկային հայ նկարիչներու գործերը կը ցուցադրուին Իրանի մէջ»:
Նշենք, որ 11 Մարտին Ազգային Պատկերասրահին մէջ բացումը պիտի կատարուի «Իրանական արուեստ» խորագիրով ցուցահանդէսին, որու ծիրին մէջ պիտի ներկայացուին Իրանի ժամանակակից նկարիչներու աշխատանքները: «Ազգային Պատկերասրահը աշխարհի լաւագոյն պատկերասրահներէն է, եւ ուրախ ենք այստեղ ներկայացնելու իրանցի մանրանկարիչներուն ստեղծագործութիւնները:
Արուեստը եւ մշակոյթը իւրաքանչիւր ժողովուրդի հայելին են, եւ այցելուները հետաքրքրական նմոյշներ պիտի տեսնեն: Մենք կը հպարտանանք անոնցմով: Իրանական մանրանկարչութիւնը բաւական մեծ համբաւ կը վայելէ, անոր միջոցով կարելի է նաեւ ծանօթանալ իրանական մշակոյթին ու գրականութեան»,- յայտնած է Նորուզի: