Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԱպ­րի­լին շու­կա­յի վրայ տրա­մադ­րե­լի պի­տի ըլ­լան հայ­կա­կան ար­տադ­րու­թեան հե­ռա­ձայն­նե­րը, զորս 17 ­Մար­տին լրագ­րող­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց «­Թեք­նո­լո­ջի ընդ ­Սա­յընս ­Դայ­նա­միքս» ըն­կե­րու­թեան ղե­կա­վա­րը՝ նշե­լով, որ այդ հե­ռա­ձայն­նե­րուն յի­շո­ղու­թիւ­նը փոքր է, պաս­տա­ռի ա­պա­կին ալ

բարձ­րա­գոյն ո­րա­կի չէ, այ­լա­պէս ա­նոնք ո­չին­չով կը զի­ջին շու­կա­յի վրայ առ­կայ նմա­նա­տիպ հե­ռա­ձայն­նե­րուն։

Ա­նոր հա­մա­ձայն՝ հայ­կա­կան հե­ռա­ձայն­նե­րուն գի­նը բա­ւա­կան ցած է, բայց եւ այն­պէս ա­նի­կա մեծ ճա­նա­չում չու­նի տա­կա­ւին, այդ պատ­ճա­ռով ալ մե­ծա­քա­նակ պա­տո­ւէր­ներ չկան։
­Հայ­կա­կան հե­ռա­ձայն ար­տադ­րո­ղը «Արմ­ֆոն» հե­ռա­ձայն­ներ, «Արմ­թաբ» պլան­շեթ­ներ ար­տադ­րող եւ գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան ծրա­գիր­ներ մշա­կող նոյն հայ­կա­կան ըն­կե­րու­թիւնն է, որ ե­ղաւ ա­ռա­ջի­նը՝ «Ա­լեանս» ա­զատ տնտե­սա­կան գօ­տիին մէջ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լու ա­ռու­մով:

2013ի ա­ւար­տին յայտ­նի դար­ձաւ, որ ­Հա­յաս­տա­նի տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան ո­լոր­տին մէջ գոր­ծող հայ-ա­մե­րի­կեան Technology and Science Dynamics Inc./Armtab Technologies ըն­կե­րու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­ռա­ջին հայ­կա­կան պլան­շեթ­նե­րու ար­տադ­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նողն ե­ղած է։