Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՅու­նաս­տա­նի պե­տա­կան այ­րե­րու դէմ ­Թուր­քիոյ ան­հե­թեթ յար­ձա­կում ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցով

Անտ­րա­մա­բա­նա­կան գրու­թիւն-յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ան­բար­տա­ւան յար­ձա­կում մը

սար­ձա­զեր­ծեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լո­սի եւ ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս ­Ցիփ­րա­սի դէմ, կո­պիտ ու կա­տա­ղի ձե­ւով դիր­քա­ւո­րո­ւե­լով՝ Ա­թէն­քի մէջ ՀՀ նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի հետ եր­կու պե­տա­կան այ­րե­րու ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րէն ետք:

Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Թան­զու ­Պիլ­կից, անդ­րա­դառ­նա­լով ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լո­սի կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­հեր­քե­լի պատ­մա­կան փաս­տին ու ճա­նաչ­ման գծով կա­տա­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, ը­սած է, թէ «­Թուր­քիան եւ թուրք ժո­ղո­վուր­դը ո­րե­ւէ պա­րա­գա­յի հիմք պի­տի չտան, ա­նոնց, ո­րոնք ա­մէն հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ’օգ­տա­գոր­ծեն յա­ռաջ քշե­լու հա­մար միա­կող­մա­նի, ի­րա­կա­նու­թե­նէն կտրո­ւած եւ ար­դա­րու­թեան ըն­կա­լու­մէ հե­ռու՝ պատ­մու­թեան վար­կած­ներ»:

­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կ’ը­սո­ւի թէ պրն. ­Փաւ­լո­փու­լո­սի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ «կան թրքա­կան ինք­նու­թիւ­նը խո­րա­պէս վի­րա­ւո­րող ակ­նար­կու­թիւն­ներ, Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան փլուզ­ման տա­րի­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած պատ­մա­կան դէպ­քե­րու ա­ռըն­չու­թեամբ»:

­Յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կ’ա­ւար­տի նշե­լով, թէ «նման կե­ցո­ւածք­ներ ար­դիւնքն են հի­ւան­դա­գին հաս­կա­ցո­ղու­թեան մը, որ ցոյց կու­տայ թէ ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, կա­ռու­ցո­ւած են թրքա­կան ինք­նու­թեան դէմ հա­սա­րա­կաց թշնա­մա­կան կե­ցո­ւած­քի վրայ»:
Ան­հե­թեթ այս յար­ձա­կու­մին շու­տով պա­տաս­խա­նեց ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, իր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Գոնս­թան­տի­նոս ­Քութ­րա­սի կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով:

«­Կա­տա­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը այլ բան չէին, ե­թէ ոչ՝ ող­բա­լի մտայ­նու­թեանց հե­տե­ւանք»: Ան, խօ­սե­լով յոյն լրագ­րող­նե­րուն, դի­տել տո­ւաւ թէ ընտ­րո­ւած պա­հը շատ լուրջ է, եւ կա­րե­ւոր է հե­ռու մնալ կեղ­ծա­ւոր ու ա­ժան հռե­տո­րու­թիւն­նե­րէ:

«Ե­րե­ւի ­Թուր­քիա կը կար­ծէ, թէ երբ պատ­մու­թիւ­նը հա­մա­ձայն չէ իր կող­մէ կա­տա­րո­ւած պնդում­նե­րուն, այն­քան ա­ւե­լի վատ է պատ­մու­թեան հա­մար» հեգ­նա­կան ո­ճով պա­տաս­խա­նած է ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ազ­դա­րա­րե­լով թէ «­Թուր­քիա պէտք է մէկ­դի ձգէ կա­մա­յա­պաշտ կե­ցո­ւածք­նե­րը եւ հաշ­տո­ւի իր պատ­մու­թեան հետ: Դ­ժո­ւար այս գոր­ծին մէջ, ­Յու­նաս­տան պատ­րաստ է օ­ժան­դա­կե­լու ­Թուր­քիոյ»: