Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ գտնո­ւած է ­Կիպ­րոս: ­Կիպ­րո­սի նա­խա­գա­հին նստա­վայ­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է նա­խա­գահ­ներ ­Նի­քոս Ա­նաս­թա­սիա­տե­սի եւ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի ա­ռանձ­

նազ­րոյ­ցը, ո­րու ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցած են եր­կու եր­կիր­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ ընդ­լայ­նո­ւած կազ­մով բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը:

Ա­նոնց իբ­րեւ ար­դիւնք ստո­րագ­րո­ւած են տար­բեր ո­լորտ­նե­րու մէջ հայ-կիպ­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման ու խո­րաց­ման վե­րա­բե­րող փաս­տա­թուղ­թեր, մաս­նա­ւո­րա­բար` ­Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ ­Կիպ­րո­սի կրթու­թեան եւ մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան մի­ջեւ 2016-2018ի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրա­գի­րը, ­Հա­յաս­տա­նի կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ ­Կիպ­րո­սի կրթու­թեան եւ մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան մի­ջեւ կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան 2016-2020ի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին գործ­նա­կան ծրա­գի­րը, ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ ­Կիպ­րո­սի կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ ու­սու­մը սկսե­լու եւ շա­րու­նա­կե­լու նպա­տա­կով բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­կան ո­րա­կա­ւո­րում­նե­րու փո­խա­դարձ ճա­նաչ­ման հա­մա­ձայ­նա­գի­րը:

­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան 16 ­Մար­տին ­Կիպ­րո­սի նա­խա­գահ ­Նի­քոս Ա­նաս­թա­սիա­տե­սի հետ ներ­կայ գտնո­ւած է այդ երկ­րի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բա­ցօ­թեայ թան­գա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հայ-կիպ­րա­կան բա­րե­կա­մու­թիւ­նը խորհր­դան­շող խաչ­քա­րի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան: ­Ջու­ղա­յի ոչն­չա­ցո­ւած 1598 թո­ւա­կիր խաչ­քա­րե­րէն մէ­կուն կրկնօ­րի­նա­կը ե­ղող խաչ­քա­րը ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը հայ ժո­ղո­վուր­դին ա­նու­նով նո­ւի­րած է կիպ­րա­կան կող­մին:

­Նի­քոս Ա­նաս­թա­սիա­տես ը­սած է, որ խաչ­քա­րը կը ցո­լաց­նէ հայ եւ կիպ­րա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, եր­կու բա­րե­կամ պե­տու­թիւն­նե­րուն՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի մի­ջեւ ան­քակ­տե­լի կա­պը: «­Մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, ո­րոնք զոհ գա­ցած են նոյն յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն, պայ­քա­րած են ու կը պայ­քա­րին մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կի վրայ՝ յա­նուն ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րու եւ ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման: ­Կիպ­րո­սը եւ­րո­պա­կան ա­ռա­ջին եր­կիր­նե­րէն է, որ ճանչ­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ ­դա­տա­պար­տած այդ ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը:

­Մեր եր­կիր­ներն ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը հա­ւա­տա­րիմ են մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի սկզբունք­նե­րուն, ո­րոնց կար­գին՝ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին, խա­ղա­ղու­թեամբ հար­ցե­րու լուծ­ման, եւ ի­րենց ա­պա­գան կ­՛ո­րո­շեն յար­գան­քով վե­րա­բե­րե­լով մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րուն նկատ­մամբ»,- յայտ­նած է նա­խա­գա­հը։ Ան դի­տել տո­ւած է, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի այն զա­ւակ­նե­րը, ո­րոնք հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րե­լով հաս­տա­տո­ւած են ­Կիպ­րոս, այ­սօր ­Կիպ­րո­սի հա­սա­րա­կու­թեան աշ­խոյժ եւ շատ կա­րե­ւոր մաս­նի­կը կը հան­դի­սա­նան:

­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը իր խօս­քին մէջ տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րուն եւ քրիս­տո­նէա­կան ո­գիին խորհր­դա­նիշ դար­ձած ա­րո­ւես­տի այս գլուխ գոր­ծո­ցը ԵՈՒՆԵՍՔՕի մարդ­կու­թեան ոչ-նիւ­թա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան մաս կը կազ­մէ:

«­Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քում ա­րա­րո­ւած իւ­րա­քան­չիւր խաչ­քար խօ­սում է ա­ռանց բա­ռե­րի, պատ­մում՝ մեր պատ­մու­թեան փա­ռա­պանծ է­ջե­րի ու ձա­խո­ղում­նե­րի մա­սին, վե­րելք­նե­րի ու ան­կում­նե­րի մա­սին: Դ­րանց շար­քե­րում կան այն­պի­սիք, որ ցայ­սօր կան­գուն են մայ­րե­նի հո­ղում՝ որ­պէս հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան դա­րա­ւոր վկա­ներ, կան այն­պի­սիք, որ սփռո­ւած են աշ­խար­հի տար­բեր երկր­նե­րում՝ կրե­լով մեր ազ­գի յի­շո­ղու­թիւ­նը:

­Կան եւ այն­պի­սիք, որ մարտն­չել են զի­նո­ւոր­նե­րի պէս, ինչ­պէս ա­ւե­րու­մից փրկո­ւած ար­ցա­խեան խաչ­քա­րե­րը: Ե­ղել են, ցա­ւօք, եւ այն­պի­սիք, ո­րոնք ոչնչա­ցո­ւել են բար­բա­րո­սա­բար, ինչ­պի­սիք են Ադրբե­ջա­նի կող­մից ­Ջու­ղա­յում ոչն­չա­ցո­ւած 3000 խաչ­քա­րե­րը: Այս­տեղ տե­ղադ­րո­ւած այս հիաս­քանչ նմոյ­շը կրկնօ­րի­նակն է ոչն­չա­ցո­ւած այդ խաչ­քա­րե­րից մէ­կի, ո­րը թո­ւագր­ւում է 16րդ ­դա­րին»,- հաս­տա­տած է ­Սերժ ­Սարգ­սեան: