Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս, Մաքսիմոսի պալատէն ներս, ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը։ Ողջունելով Հ.Հ. նախագահի ներկայութիւնը, Ալեքսիս Ցիփրաս կարեւորեց երկու երկիրներու պատմութիւնը եւ
ընդգծեց, որ նոր սկիզբ մը վերապահուած է անոնց։
Ան նշեց, թէ հայ եւ յոյն ժողովուրդներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւնները տեւական են՝ շեշտելով, թէ անոնք լաւ գիտեն գաղթականութեան հարցը, իրենց պատմութեան մէջ ճաշակած ցեղասպանութեան, բռնի տեղահանութեան եւ ազգային մաքրազտման հալածանքներուն պատճառով։
«Մեր երկու ժողովուրդները կանգնած են հսկայական մարտահրաւէրներու ընդառաջ, գլուխը բարձր պահելով եւ պաշտպանելով համամարդակային արժէքները»,- ըսած է ան։ Յունաստանի վարչապետը յոյս յայտնած է, թէ կը յարգուի Սուրիոյ մէջ հրադադարի որոշումը, որ տեղահանուածներու մարդկային հոսքերը կասեցնելու միակ միջոցն է։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ուրախութիւնը յայտնեց բարեկամ Յունաստանի մէջ գտնուելուն համար։ Ան վստահութիւն արտայայտած է, թէ Յունաստանի վարչապետի գլխաւորութեամբ՝ կառավարութիւնը պիտի յաջողի տնտեսական եւ փախստականներու խնդիրներու լուծման ճիշդ ուղիներ գտնել։ Հ.Հ. նախագահը ըսաւ, թէ հայ-յոյն երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր է զարգացնել ու խորացնել բազմամակարդակ կապերը, շարունակական աշխուժութիւն հետապնդելով։ Ան ընդգծեց, թէ հազարամեակներու ընթացքին երկու ազգերը նոյն ճանապարհով ուղղուած են։
Հայաստանի նախագահն ու Յունաստանի վարչապետը կարեւորեցին փոխ-շահաւէտ բնագաւառներէ ներս երկու երկիրներու համագործակցութիւնը խորացնելու ու խրախուսելու գործընթացը, յատկապէս նշելով գիւղատնտեսութեան, մշակոյթի, կրթութեան, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան մարզերը, մանաւանդ փոխադարձաբար խրախուսելու ներդրումներն ու գործարար շրջանակներու շփումները։
Վարչապետ Ցիփրաս հեռանկարային նկատած է Իրան-Հայաստան-Յունաստան եռակողմ փոխ-գործակցութեան զարգացումը, նկատի առնելով Իրանի հետ Հայաստանի ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւնները։ Ան նշած է թէ նման եռակողմ համագործակցութեան լաւ փորձառութիւն ունի Յունաստանը՝ նշելով Յունաստան-Կիպրոս-Իսրայէլ եւ Յունաստան-Կիպրոս-Եգիպտոս ձեւաչափերը, որոնք արդիւնաւէտ կը գործեն, ըստ իր գնահատումին։
Ալեքսիս Ցիփրաս, ներկայացնելով Յունաստանի դիրքորոշումը միջազգային հարթակներու վրայ եղած խնդիրներու լուծման վերաբերեալ, ընդգծեց, որ անոնք պէտք է կարգաւորուին խաղաղ ճանապարհով եւ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ: Ան ընդգծեց, որ Յունաստան կը սատարէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ բանակցային ճանապարհով լուծման գործընթացին՝ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինքսի Խմբակի շրջանակներու ծիրէն ներս։
Հանդիպումը շարունակուեցաւ պատուիրակութեան անդամներու ընդլայնուած խորհրդակցութիւններով եւ երկկողմ համաձայնագրերու ու յայտարարագրերու ստորագրութեամբ։