Վարշամ Բորանեան հռչակուեցաւ յունահռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեան: 71 քկ. ծանրութեան կարգի եզրափակիչին՝ Հայաստանի ներկայացուցիչը 3:0 հաշուով պարտութեան մատնեց սերպ Ալեքսանտար Մաքսիմովիչը:
Յիշեցնենք, որ Վարշամ Բորանեան առաջին գօտեմարտին 8:0 հաշուով յաղթած էր ռումանացի Դոմի Գլաուտիօ Հինովէանուի: 1/8 եզրափակիչին Բորանեան նոյն հաշուով առիթ չտուաւ փորթուկալացի Հուկօ Միկէլ Տա Սիլվա Բասոսի: Քառորդ եզրափակիչին հայ ըմբիշը 8:2 հաշուով յաղթեց պուլկարացի Սուիլէն Բլամենով Գոսդատինովի: Կիսաեզրափակիչին Բորանեան դուրս ձգեց հունգարացի Պալինդ Գորբասը: