Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԵր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւէ­րով Եր­կու­շաբ­թի՝ 14 եւ Ե­րեք­շաբ­թի՝ 15 ­Մար­տին, Ա­թէնք այ­ցե­լեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի գլխա­ւո­րած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը։ Հ.Հ. նա­խա­գա­հի գլխա­ւո­րած բարձ­րա­պաշ­տօն պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­

նը կը բաղ­կա­նայ նա­խա­գա­հին ու­ղեկ­ցող Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­տո­ւարտ ­Նալ­բան­դեա­նէ, Հ.Հ. ս­փիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նուշ ­Յա­կո­բեա­նէ, Հ.Հ. կրթու­թեան նա­խա­րար ­Լե­ւոն Մկրտ­չեա­նէ, Հ.Հ. մ­շա­կոյ­թի նա­խա­րար ­Յաս­միկ ­Պօ­ղո­սեա­նէ եւ նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար ­Վի­գէն ­Սարգ­սեա­նէ։
Հ.Հ. նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղա­կար­գը սկսաւ ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կին վրայ Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նին առ­ջեւ ծաղ­կեպսա­կի զե­տե­ղու­մով։ Ա­պա պատո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ուղ­ղո­ւե­ցաւ նա­խա­գա­հա­կան պա­լատ, ուր ըն­դունուե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լո­սի կող­մէ։ ­Յա­ջոր­դեց եր­կու նա­խա­գահ­նե­րուն մի­ջեւ ա­ռանձ­նազ­րոյց։

altՈղ­ջու­նե­լով ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի այ­ցե­լու­թիւ­նը, Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լոս խօ­սե­ցաւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ հա­մա­կար­գո­ւած ձե­ւով պայ­քա­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին ու շեշ­տեց ­Սու­րիոյ մէջ ըն­թա­ցող պա­տե­րազ­մի ան­մի­ջա­կան դադ­րե­ցու­մը։ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան գա­գաթ­նա­ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ, ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գա­հը, պատ­գամ ղրկեց եւ­րո­պա­ցի գոր­ծըն­կեր­նե­րուն, նշե­լով, թէ ա­նոնք պար­տին պաշտ­պա­նել եւ­րո­պա­կան հա­մա­կար­գը եւ թոյլ չտալ, որ­պէս­զի վա­խի զգա­ցու­մով ա­ռաջ­նոր­դո­ւող ու­ժե­րը՝ քայ­քա­յեն եւ­րո­պա­կան մշա­կոյթն ու սկզբունք­նե­րը։ Քն­նար­կու­մի ա­ռար­կայ դար­ձաւ նաեւ ­Սու­րիոյ մէջ ստեղ­ծո­ւած ճգնա­ժա­մի եւ այդ հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած մար­դա­սի­րա­կան ա­ղէ­տի ու փախս­տա­կան­նե­րու հա­մաեւ­րո­պա­կան հոս­քե­րու հար­ցը, որ ­Յու­նաս­տա­նի հա­մար լուրջ ու ա­մէ­նօ­րեայ մար­տահ­րա­ւէր դար­ձած է, երկ­րէն ներս ա­պաս­տան գտած հա­զա­րա­ւոր փախս­տա­կան­նե­րու ապ­րած դժո­ւար ի­րա­վի­ճա­կով։ ­Դի­մե­լով ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին, Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լոս շնոր­հա­ւո­րան­քի խօսք ուղ­ղեց, նշե­լով որ ­Հա­յաս­տան՝ ­Սու­րիա­հայ ըն­տա­նիք­նե­րու բա­ւա­րար թիւ մը ըն­դու­նե­լու կա­րե­ւոր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ստանձ­նած է։
Անդ­րա­դառ­նա­լով ­Հա­յոց եւ ­Պոն­տոս­ցի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գա­հը շեշ­տեց, թէ «եր­բեք կա­րե­լի չէ մոռ­նալ պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ ­Թուր­քիոյ դէմ ուղ­ղո­ւած վրէժխնդ­րա­կան զգա­ցում­նե­րէ չի բխիր, այլ մարդ­կու­թեան դէմ նման յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու ա­ռաջ­քը առ­նե­լու նպա­տակ­նե­րէ»։

Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը քննար­կե­ցին միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հար­ցեր, ինչ­պէս նաեւ երկ­կողմ ու բազ­մա­կողմ` մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, փոխ շա­հա­ւէտ կա­րե­ւոր մար­զե­րու մէջ հայ-յու­նա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման, միջ- խորհր­դա­րա­նա­կան կա­պե­րու, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման գոր­ծըն­թա­ցին, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րող հար­ցեր: ­Նա­խա­գահ­նե­րը խօ­սե­ցան նաեւ մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի հար­ցե­րու շուրջ, ներ­կա­յաց­նե­լով եր­կու եր­կիր­նե­րու մօ­տե­ցում­նե­րը։

­altՅա­ջոր­դեց պաշ­տօ­նա­կան ճաշ, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին կող­մէ, ի պա­տիւ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին։ ­Ճա­շի ժա­մուն, եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րը հան­դէս ե­կան փո­խա­դարձ բա­ժա­կա­ճա­ռե­րով` անդ­րա­դառ­նա­լով բարձր մա­կար­դա­կի հայ-յու­նա­կան միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, ա­նոնց ա­ռա­ւել սեր­տաց­ման ու փոխ շա­հա­ւէտ բազ­մա­թիւ բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման նե­րու­ժին։ ­Շեշ­տո­ւե­ցաւ ընդ­հա­նուր պատ­մու­թեամբ եւ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րով փոխ կա­պակ­ցո­ւած, եր­կու հնա­գոյն քա­ղա­քակր­թու­թիւն­ներ ներ­կա­յաց­նող հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թիւ­նը, ու այդ բա­րե­կա­մու­թեան ամ­րապնդ­ման մէջ զգա­լի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցող ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յու­թիւ­նը:

­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի խօս­քը

«­Բա­րե­կամ յոյն ժո­ղովր­դի հիւ­րըն­կա­լու­թեան մա­սին վկա­յու­թիւն­նե­րը յի­շա­տակ­ւում են դեռ եւս ­Մեծն ­Հո­մե­րո­սի «Ո­դի­սա­կան»ում, այ­դու­հան­դերձ, յու­նա­կան «Ք­սե­նիան» մեզ՝ հա­յե­րիս, քա­ջա­ծա­նօթ է, ոչ միայն գրա­կա­նու­թե­նէն: Ան­ծա­նօ­թին ա­նօգ­նա­կան չթող­նե­լու պատ­գա­մին հա­ւա­տա­րիմ՝ հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ յոյն ժո­ղո­վուր­դը ա­պաս­տան տո­ւաւ հայ­րե­նազր­կո­ւած եւ ա­նօ­թե­ւան մնա­ցած հա­զա­րա­ւոր հա­յե­րու: Եւ այ­սօր հպար­տու­թեամբ նշում եմ, որ ար­մատ­ներ ձգե­լով ­Յու­նաս­տա­նի մէջ՝ հայ հա­մայն­քը ամ­րա­ցաւ ու ծաղ­կե­ցաւ՝ իր ստեղ­ծա­գործ ներդ­րու­մը բե­րե­լով ­Յու­նաս­տա­նի շէ­նաց­ման, ու նպաս­տե­լով հայ-յու­նա­կան միջ-պե­տա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման:

­Հիւ­րե­րու նկատ­մամբ նման վե­րա­բեր­մունք ան­չափ հա­րա­զատ է մեզ` հա­յե­րիս, սա­կայն, հիւ­րա­սի­րու­թեան այս դրսե­ւո­րու­մը մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րին կա­պող միակ ընդ­հան­րու­թիւ­նը չէ: ­Հա­յերն ու յոյ­նե­րը ա­ւե­լին են, քան բա­րե­կամ­ներ: Ն­րանք մի­մեանց փոխ-կա­պակ­ցո­ւած են ընդ­հա­նուր պատ­մու­թեամբ եւ ա­ւան­դոյթ­նե­րով:

­Ներ­կա­յաց­նե­լով եր­կու հնա­գոյն քա­ղա­քակր­թու­թիւն՝ հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ա­րա­րել են կողք կող­քի՝ ի­րենց հետ­քը թող­նե­լով հա­մաշ­խար­հա­յին պատ­մու­թեան է­ջե­րում: ­Պայ­քա­րել են կողք կող­քի՝ վաս­տա­կե­լով գո­յա­տե­ւե­լու ի­րա­ւուն­քը: Այ­սօր էլ, որ­պէս հա­ման­ման ար­ժէք­նե­րի ու բա­րո­յա­կա­նու­թեան կրող­ներ, հան­դէս են գա­լիս կողք կող­քի՝ վաս­տա­կե­լով յա­րա­տե­ւե­լու ու բար­գա­ւա­ճե­լու ի­րա­ւուն­քը: Այդ ժա­ռան­գու­թեան հի­ման վրայ ենք այ­սօր շա­րու­նա­կում ամ­րապնդել հայ-յու­նա­կան բա­րե­կա­մու­թիւ­նը, որն ար­դէն 24 տա­րի է, ինչ միջ­-պե­տա­կան բնոյթ է կրում:
Այ­սօր մենք ու­նենք յա­գե­ցած երկ­կողմ օ­րա­կարգ՝ քա­ղա­քա­կան գոր­ծուն երկ­խօ­սու­թիւ­նից մին­չեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն կրթու­թեան եւ մշա­կոյ­թի բնա­գա­ւառ­նե­րում:

­Սեր­տօ­րէն փոխ­-գոր­ծակ­ցում ենք ռազ­մա­կան ո­լոր­տում: ­Հա­յաս­տան - Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րում ­Յու­նաս­տա­նը մեր կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծըն­կեր­նե­րից է: ­Պար­բե­րա­կան դար­ձած բարձ­րաս­տի­ճան փոխ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն են տա­լիս ու­րո­ւագ­ծել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ: Ա­սա­ծիս վառ վկա­յու­թիւնն իմ այս այցն է, ո­րի հիմ­նա­կան նպա­տակն է նոր մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­նել մեր տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ հիմ­նո­ւե­լով առ­կայ նե­րու­ժի վրայ»,-ըսած է նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նը եւ ա­ռա­ջար­կած է բա­ժակ բարձ­րաց­նել յա­նուն հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան, յա­նուն ներ­կայ բա­րե­կա­մու­թեան եւ ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րի յա­րա­տեւ հա­մա­կե­ցու­թեան:

­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գա­հի խօս­քը

Ող­ջու­նե­լով Հ.Հ. նա­խա­գա­հին եւ իր գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թեան այ­ցե­լու­թիւ­նը, ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լոս իր կար­գին, ընդգ­ծած է, որ նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգսեա­նի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տան, ան­գամ մը եւս ցոյց կու­տայ, բո­լոր մար­զե­րուն մէջ՝ քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին, եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան բարձր մա­կար­դա­կը եւ բա­ցա­ռիկ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: Ն­շե­լով, որ հա­յե­րը եւ յոյ­նե­րը ի­րա­րու հետ կա­պո­ւած են ա­մուր պատ­մա­կան, բա­րե­կա­մա­կան կա­պե­րով, նա­խա­գահ ­Փաւ­լո­փու­լոս շեշ­տած է, որ այ­սօ­րո­ւայ միջ-պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հիմք դար­ձած այդ պատ­մա­կան կա­պե­րը ամ­րապն­դո­ւած են դա­րե­րու ըն­թաց­քին` դժո­ւար պայ­ման­նե­րու մէջ.- «20րդ ­դա­րու սկիզ­բին, եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը միեւ­նոյն պատ­ճա­ռով տա­ռա­պա­լից պա­հեր ապ­րած են, ինչ­պէս կը վկա­յէ պատ­մու­թիւ­նը` թէ՛ հայ ժո­ղո­վուր­դի, թէ՛ ­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու, թէ՛ ­Փոքր Ա­սիոյ յոյ­նե­րուն նկատ­մամբ տե­ղի ու­նե­ցա­ծը:

­Մենք չենք մոռ­նար 1915ի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Հ­պարտ ենք, որ ­Յու­նաս­տան այն քիչ եր­կիր­նե­րէն էր, որ օ­թե­ւան տո­ւաւ տա­րա­գիր հա­յե­րուն, նաեւ ­Յու­նաս­տան ա­ռա­ջին եր­կիր­նե­րէն էր, որ ճանչ­ցաւ հա­յե­րու դէմ գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, իսկ միւս կող­մէ` ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նը ճանչ­ցաւ պոն­տոս­ցի­նե­րուն դէմ գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: ­Պէտք է յի­շենք, պա­րո՛ն նա­խա­գահ, որ պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը կա­րե­ւոր է մարդ­կու­թեան հա­ւա­քա­կան գի­տակ­ցու­թեան հա­մար, կա­րե­ւոր է նաեւ մարդ­կու­թեան ա­պա­գա­յի տե­սան­կիւ­նէ: ­Յատ­կա­պէս ներ­կա­յիս ճգնա­ժա­մա­յին պայ­ման­նե­րու մէջ, երբ սեւ, մութ ամ­պեր հա­ւա­քո­ւած են հա­մաշ­խար­հա­յին հո­րի­զո­նին վրայ, պէտք է յի­շենք ան­ցեա­լը, ոչ թէ որ­պէս ա­տե­լու­թիւն սեր­մա­նե­լու մի­ջոց, այլ որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նանք ա­պա­գա­յին խու­սա­փիլ նման ող­բեր­գու­թիւն­նե­րէ»,- ը­սած է ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գա­հը, ո­րու տե­սա­կէ­տը բաժ­նե­լով, Հ.Հ. նա­խա­գա­հը ընդգ­ծած է, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը յի­շելն ու դա­տա­պար­տե­լը հե­տա­գայ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման նպա­տա­կին կը ծա­ռա­յէ, եւ կը փաս­տէ, թէ մեր թշնա­մի­նե­րը չի յա­ջո­ղե­ցան ի­րա­կա­նացնել ամ­բողջ ժո­ղո­վուրդ մը ոչն­չաց­նե­լու ի­րենց ծրա­գի­րը:

­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գա­հը խօ­սած է նաեւ զար­գաց­ման լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ հե­ռան­կար ու­նե­ցող հայ - յու­նա­կան երկ­կողմ կա­պե­րու մա­սին, ո­րոնք, ըստ իր հա­մո­զու­մին՝ ա­ւե­լի պի­տի ամ­րապնդո­ւին Հ.Հ. նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ։
Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լոս, իր խօս­քին մէջ, անդ­րա­դար­ձած է ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան շարք մը կա­րե­ւո­րա­գոյն հար­ցե­րու` ­Յու­նաս­տան - ­Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, ­Կիպ­րա­կան հար­ցին, տա­րա­ծաշր­ջա­նի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, փախս­տա­կան­նե­րու խնդրի վե­րա­բե­րեալ ­Յու­նաս­տա­նի դիր­քո­րո­շում­նե­րուն:

Այդ ծի­րէն ներս ան ներ­կա­յա­ցու­ցած է նաեւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ ­Յու­նաս­տա­նի դիր­քո­րո­շու­մը, նշե­լով, որ ­Յու­նաս­տան իր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ կը հե­տապն­դէ մի­ջազգայնօ­րէն ըն­դու­նո­ւած օ­րէնք­նե­րու հի­ման վրայ բո­լոր հար­ցե­րու խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման սկզբուն­քը եւ, ան­շուշտ, նոյն տե­սա­կէ­տին է նաեւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան հետ կապուած: ­Նա­խա­գահ ­Փաւ­լո­փու­լոս ընդգ­ծած է, որ ԵԱՀԿ ­Մինս­կի խում­բի ձե­ւա­չա­փը այդ հիմ­նախնդ­րի լուծ­ման ա­մե­նա­յար­մար հար­թակն է: ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գա­հը ը­սած է, որ իր եր­կի­րը կը կա­րե­ւո­րէ ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի տա­րա­ծաշր­ջա­նի անվ­տան­գու­թիւ­նը, խա­ղա­ղու­թիւնն ու կա­յու­նու­թիւ­նը նաեւ տա­րա­ծաշր­ջա­նի տնտե­սա­կան զար­գաց­ման տե­սան­կիւ­նէ:

«Վս­տահ եմ, պա­րո՛ն նա­խա­գահ, որ նկա­տի ու­նե­նա­լով այս մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, բո­լորս մեր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու սահ­ման­նե­րուն մէջ պէտք է ա­մէն ինչ ը­նենք, որ­պէս­զի դի­մագ­րա­ւենք այս ճգնա­ժա­մե­րը:
Կ’ու­զեմ բա­ժակ բարձ­րաց­նել ու խմել ան­ձամբ ձեր եւ բա­րե­կամ հայ ժո­ղո­վուր­դի կե­նա­ցը` մաղ­թե­լով ազ­գա­յին իղ­ձե­րու եւ նպա­տակ­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցում, ա­ռա­ջըն­թաց բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ» ը­սած է ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գա­հը։

«­Հա­յաս­տան. Ա­րա­րա­տի ո­գին» խո­րագ­րով ցու­ցա­հան­դէ­սի բա­ցում

altԵ­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, Ա­թէն­քի ­Բիւ­զան­դա­կան եւ Ք­րիս­տո­նէա­կան թան­գա­րա­նէն ներս, բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ «­Հա­յաս­տան.Ա­րա­րա­տի ո­գին» խո­րագ­րով ցու­ցա­հան­դէ­սին, ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան։ ­Խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան ­Յու­նաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ա­րիս­թի­տիս ­Պալ­թաս եւ ­Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րար ­Յաս­միկ ­Պօ­ղո­սեա­նը։ «­Հա­յաս­տան. Ա­րա­րա­տի ո­գին Պ­րոն­զէ դա­րէն մին­չեւ 20րդ ­դար» խո­րագ­րով ցու­ցա­հան­դէ­սը, տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ ­Հա­յաս­տա­նի ­Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

Ա­թէն­քի ­Բիւ­զան­դա­կան թան­գա­րա­նը, իր շէն­քի գետ­նա­յարկն ու երկ­րորդ յար­կի սրահ­նե­րը յատ­կա­ցու­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի հնա­գի­տա­կան եւ մշա­կու­թա­յին գան­ձե­րով պատ­մա­կան այս ցու­ցա­հան­դէ­սին, ուր տեղ գտած են ­Հա­յաս­տա­նի ­Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նի 104 գան­ձեր, որ ի յայտ կը բե­րեն հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի ա­ռըն­չու­թիւն­նե­րը հել­լէ­նիս­տա­կան եւ բիւ­զան­դա­կան մշա­կոյ­թին հետ։ ­Ցու­ցա­հան­դէ­սին նե­րառ­նո­ւած են Ք.ա. 2րդ ­հա­զա­րա­մեա­կէն մին­չեւ 20րդ ­դա­րու սկիզ­բը հաս­նող տար­բեր գան­ձեր, որ կը ներ­կա­յաց­նեն հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թիւ­նը եւ մշա­կու­թա­յին ե­ղեռ­նը։ ­Ներ­կա­յա­ցո­ւած ի­րե­րը, ե­զա­կի գան­ձեր են՝ պե­ղուած բա­ցա­ռա­պէս ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ տա­րած­քէն, ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ու քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան բարձրար­ժէք գե­ղա­րուես­տա­կան նմուշ­ներ, երկր­պա­գու­թեան եւ ծէ­սի ե­զա­կի ի­րեր։ ­Ցու­ցա­հան­դէ­սը բաղ­կա­ցած է ե­րեք մա­սե­րէ՝ «­Հայ­կա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան հմայքն ու ու­ժը», «­Հա­յաս­տա­նը փո­փո­խո­ւող աշ­խար­հի մէջ», «­Կո­չեմ ապ­րո­ղաց» (­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցին առ­թիւ)։ ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րար­նե­րը ընդգ­ծած են բնա­գա­ւա­ռի զար­գաց­ման առ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, խօ­սած են մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պա­նու­թեան մա­սին, եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ մշա­կու­թա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ փո­խա­նա­կու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման մա­սին։ Ա­նոնք կա­րե­ւո­րու­թեամբ անդ­րա­դար­ձած են հայ-յու­նա­կան բազ­մա­դա­րեայ պատ­մամշա­կու­թա­յին ան­ցեա­լին ու ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք նոր լիցք կը ստա­նան նման ե­զա­կի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով։

­Հան­դի­պում՝ հայ գա­ղու­թի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ

Ուշ ե­րե­կո­յեան, Ա­թէն­քի «Ին­թեր­քոն­թի­նեն­թալ» պան­դո­կէն ներս, ճաշ­կե­րոյթ տե­ղի ու­նե­ցաւ, ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի կա­ռոյց­նե­րու ան­դամ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան։ Հ.Հ. նա­խա­գա­հի կող­քին տեղ գրա­ւած էր ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Խո­րէն Արք. ­Տող­րա­մա­ճեան։ ­Ներ­կայ էին Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն, ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը եւ միու­թե­նա­կան ու գա­ղու­թա­յին կեան­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ ­Բա­րի գա­լուս­տի խօսք ուղ­ղեց ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան ­Գա­գիկ ­Ղա­լա­չեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի այ­ցե­լու­թեան ա­ռիթ­նե­րուն։ ­Խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան, կա­րե­ւո­րե­լով Ս­փիւռ­քի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ­Հայ­րե­նի­քի հզօ­րաց­ման գոր­ծին մէջ, ա­պա խօ­սե­լով ­Հա­յաս­տա­նը զբա­ղեց­նող քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հար­ցե­րու շուրջ։ Հ. Հ. նա­խա­գա­հի յայ­տա­գի­րը կը շա­րու­նա­կո­ւի այ­սօր, Ե­րեք­շաբ­թի՝ 15 ­Մար­տի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9ին, ­Նէա Զ­միռ­նիի մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ ծաղ­կեպ­սա­կի զե­տե­ղու­մով, ա­պա ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս ­Ցիփ­րա­սի հետ հան­դի­պու­մով, ո­րուն պի­տի յա­ջոր­դեն պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ընդ­լայ­նո­ւած խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ երկ­կողմ հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րու ստո­րագ­րու­թիւն­ներ։