Print
Category: Հայաստան-Արցախ

alt5 Մար­տին, Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան Ար­ցա­խի կա­ռոյ­ցին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Ար­ցա­խի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի գի­տա­կան խոր­հուր­դի դահ­լի­ճին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը եւ Ար­ցա­խը» խո­րա­գի­րը կրող գի­տա­գործ­նա­կան խորհր­դա­

ժո­ղո­վը` նուի­րո­ւած Դաշ­նակ­ցու­թեան 125ա­մեա­կին: Ներ­կայ էին Լ. Ղ. Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ան­դամ, պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դոկ­տոր-փրո­ֆե­սոր Վահ­րամ Բա­լա­յեան, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի «­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» խմբակ­ցու­թեան ան­դամ, պատ­մա­բան Լեռ­նիկ Յով­հան­նի­սեան, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան ան­դամ­ներ, ու­սա­նող­ներ եւ հրա­ւի­րեալ­ներ:

Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Ար­ցա­խի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մու­թեան բա­ժան­մուն­քի ու­սա­նող­ներ, մա­գիստ­րոս­ներ եւ քա­ղա­քա­գէտ­ներ` «1905-1906 թո­ւա­կան­նե­րու հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րը եւ Նի­կոլ Դու­մա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը», «­Թա­թա­րա­կան-հայ­կա­կան ընդ­հա­րում­նե­րը Ար­ցա­խին մէջ 1905-1906 թո­ւա­կան­նե­րուն.- պատ­մաքն­նա­կան վեր­լու­ծու­թիւն», «Ա­րամ Մա­նու­կեա­նը Վան-­Վաս­պու­րա­կա­նի նա­հան­գա­պետ», «Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թիւնն Ար­ցա­խի մէջ 1917-1918 թո­ւա­կան­նե­րուն», «­Պատ­մա­կան ակ­նարկ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան», «­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը Ար­ցա­խի մէջ. պա­տե­րազ­մի եւ խա­ղա­ղու­թեան տա­րի­ներ» նիւ­թե­րով: