Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԲ­րի­տա­նա­կան The Telegraph պար­բե­րա­կա­նը ու­շագ­րաւ լու­սան­կար­նե­րու շար­քով անդ­րա­դար­ձած է Եւ­րո­պա­յի ա­մե­նա­հին 16 քա­ղաք­նե­րուն` իր ըն­թեր­ցող­նե­րուն ա­ռա­ջար­կե­լով կեան­քի ըն­թաց­քին գո­նէ 1 ան­գամ այ­ցե­լել զա­նոնք:

­Հե­տաքրքրա­կան է, որ Եւ­րո­պա­յի հնա­գոյն քա­ղաք­նե­րու ցան­կին մէջ նե­րա­ռո­ւած է նաեւ Ե­րե­ւա­նը, ո­րուն մա­սին հե­ղի­նա­կա­ւոր աղ­բիւ­րը կը գրէ հե­տե­ւեա­լը.- «Հ­ռո­մի հիմ­նադ­րու­մէն 30 տա­րի ա­ռաջ ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յիս մայ­րա­քա­ղա­քը Ա­սիա­յէն դէ­պի Եւ­րո­պա ճա­նա­պար­հին կա­րե­ւոր ա­ռեւտրա­յին կան­գառ ե­ղած է: Ա­նի­կա են­թար­կո­ւած է հռո­մէա­ցի­նե­րու, բիւ­զան­դա­ցի­նե­րու, պար­սիկ­նե­րու, ա­րաբ­նե­րու, սել­ճուք­նե­րու, մոն­կոլ­նե­րու ու թուր­քե­րու, իսկ ա­ւե­լի ուշ` 1920ին, խորհրդա­յին ­Կար­միր բա­նա­կի ներ­խու­ժում­նե­րուն:

«­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան փլու­զու­մէն ետք Ե­րե­ւա­նի մէջ նկա­տո­ւե­ցաւ մշա­կու­թա­յին օ­ճախ­նե­րու յա­ւել­ման մի­տում: Ինչ կը վե­րա­բե­րի զբօ­սաշր­ջու­թեան, ա­պա ա­նի­կա դան­դաղ, բայց հաս­տա­տուն կեր­պով կը զար­գա­նայ»: Ե­րե­ւան կը գտնո­ւի Եւ­րո­պա­յի հնա­գոյն քա­ղաք­նե­րու ցան­կին 16րդ ­տե­ղը: