Print
Category: Հայաստան-Արցախ

alt3 Մար­տին գու­մա­րո­ւած կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տին, Հա­յաս­տա­նի կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտ­չեան՝ ներ­կա­յաց­նե­լով Ժա­ռան­գու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Թե­ւան Պօ­ղո­սեա­նի օ­րի­նա­գի­ծի բա­ցա­սա­կան եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը, ը­սած է.- «Բարձ­րա­գոյն Ու­սում­նա­

կան Հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու (Բ.Ու.Հ.) ինք­նա­կա­ռա­վար­ման հար­ցը շատ կա­րե­ւոր է եւ պէտք է լու­ծո­ւի Բո­լո­նեան գոր­ծըն­թա­ցի չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­ձայն»։ Պատ­գա­մա­ւոր Թ. Պօ­ղո­սեան կ­՚ա­ռա­ջար­կէր օ­րէնսդ­րա­կան մա­կար­դա­կով ար­ձա­նագ­րել հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու խոր­հուրդ­նե­րու ա­պա­քա­ղա­քա­կա­նա­ցու­մը՝ զրկե­լով քա­ղա­քա­կան պաշ­տօն­ներ վա­րող ան­ձե­րը, քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թեան խոր­հուր­դի ան­դամ ըլ­լա­լու կա­րե­լիու­թե­նէն: Նա­խա­րա­րը նշած է, որ այդ խոր­հուրդ­նե­րը կը կազ­մո­ւին դա­սա­խօ­սա­կան կազ­մէն եւ ու­սա­նող­նե­րէն: Հե­տե­ւա­բար յստակ չէ, թէ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ինչ­պէ՛ս կրնան ազ­դել ո­րո­շում­նե­րու կա­յաց­ման վրայ: Այ­դու­հան­դերձ, կա­րե­լի չէ աչք փա­կել ու­սում­նա­կան կա­ռոյց­նե­րուն մէջ ե­ղող քա­ղա­քա­կան աշ­խու­ժու­թեան ի տես: «­Մենք կի­սում ենք պատ­գա­մա­ւո­րի մտա­հո­գու­թիւ­նը եւ օ­րի­նա­գիծ ենք մշա­կում, ո­րը կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծի Բ.Ու.Հ.ե­րի ինք­նա­կա­ռա­վար­ման հար­ցե­րը՝ Բո­լո­նեան գոր­ծըն­թա­ցի չա­փա­նիշ­նե­րի շրջա­նակ­նե­րում»,- յայտ­նած է նա­խա­րար Լ. Մկրտ­չեա­ն։