Մարտ 3-4 երկօրեային ընթացքին, Աթէնքի մէջ կայացաւ հայ-յունական տնտեսական, արդիւնաբերական եւ գիտատեքնիկական համագործակցութեան միջ-կառավարական յանձնաժողովի հերթական 5րդ նիստը: Ըստ ստորագրուած համաձայնագրին, երկու երկիր
ներուն միջեւ առեւտրային եւ տնտեսական յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման 10 բնագաւառները ճշդուեցան։
Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ Յունաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Տիմիթրիս Մարտասի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեանի կողմէ: Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, փոխ-նախարարներ Մարտաս եւ Նազարեան, յստակացուցին համագործակցութեան մարզերը որ յատկապէս կը ներառնեն տարբեր միջոցառումներ կրթութեան, առողջութեան, փոխադրութեան, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի եւ բնաշխարհի, արհեստագիտութեան, հարկային համակարգի եւ այլ հարցեր։
Երկու կողմերու պատրաստակամութիւնը կը վկայէ նաեւ իրենց միջեւ կայացած համաձայնութիւնը, ընթացիկ տարուան մէջ երկրորդ հանդիպում մըն ալ կազմակերպելու մասին։ «Այս հանդիպման ժամանակ մենք պիտի վերանայինք մեր թիրախներն ու ձեռքբերուած յաջողութիւնները։ Այս հանդիպումը Երեւանի մէջ պիտի իրագործուի եւ պետական ներկայացուցչութեան կողքին, մեզի պիտի ընկերանայ նաեւ գործարարներէ բաղկացած պատուիրակութիւն։
Այսպէս, ջանք գործադրած կ’ըլլանք մեր առեւտրային կապերու ամրապնդման, որոնք շատ ցած են, հակառակ որ մեր քաղաքական կապերը գերազանց են» դիտել տուած է յոյն փոխ-նախարարը։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան, զարգացման աջակցութեան եւ Եւրոպական դրացիութեան քաղաքականութեան շրջանակներէն ներս երկու երկիրներու միջեւ առկայ գործընկերութեան հետագայ խթանման ու զարգացման հեռանկարներուն:
Աթէնքի մէջ Հ.Հ. փոխ նախարար Կարէն Նազարեան առանձին հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Յունաստանի արտաքին գործերու նախարար Նիքոս Քոծիասի եւ փոխ նախարար Տիմիթրիս Մարտասի հետ։