Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի, Մարտ 1ին, հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, որուն հետ տուած
է միացեալ մամլոյ ասուլիս մը:
Հանդիպում` նախագահ Սարգսեանի Հետ
Նախագահ Սարգսեանի հետ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկկողմ յարաբերութիւններուն, տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան, միջազգային արդի խնդիրներուն, շրջանի զարգացումներուն, մարտահրաւէրներուն եւ հեռանկարին վերաբերեալ հարցեր:
Հայաստանի նախագահը` կարեւոր նկատելով Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու ամրապնդումը, որով մեծապէս հետաքրքրուած է Հայաստան, նշած է, որ բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները շատ լաւ խթան կը հանդիսանան ու կը վկայեն փոխադարձ գործակցութեան զարգացման երկկողմանի պատրաստակամութեան մասին:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող լայնածաւալ բարեփոխումներուն, որոնց կարգին` նախորդ Դեկտեմբերին տեղի ունեցած սահմանադրական բարեփոխումներուն: Ան շեշտած է, որ Հայաստան հաստատակամ է շարունակելու տարբեր ոլորտներու մէջ ընթացք առած բարեփոխումները եւ բարձր կը գնահատէ անոնց իրականացման համար Եւրոպական Միութեան կողմէ յատկացուող ֆինանսական աջակցութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի շրջանակներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման բանակցային հոլովոյթին: Հայաստանի նախագահը հիւրին ներկայացուցած է այդ հոլովոյթին մէջ հայկական կողմին դիրքորոշումները: Ֆետերիքա Մոկերինի վերահաստատած է, այս առումով, Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը` ընդգծելով, որ իրենք կը սատարեն Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակին, անոր առաքելութեան իրականացման եւ կը պաշտպանեն բանակցային երեք սկզբունքները` ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք, ուժ կամ ուժի սպառնալիք չկիրարկել եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանում:
Նախարար Նալբանդեանի հետմամլոյ միացեալ ասուլիս
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին ընդունելով` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հաստատած է, որ այս այցելութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման վրայ: Ֆ. Մոկերինի ըսած է, որ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ աւելի ամուր գործընկերութեան հաստատումը շահեկան է ո՛չ միայն երկկողմ յարաբերութիւններու, այլ նաեւ ամբողջ շրջանին համար: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան զարգացման առնչուող հարցերուն, յարաբերութիւններու նոր իրաւական հիմքի ձեւաւորման առնչութեամբ բանակցութիւններուն:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Մերձաւոր Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակի դիմագրաւման, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ միջազգային հանրութեան ջանքերը համախմբելու կարեւորութեան շուրջ: Այս պարունակին մէջ անդրադարձ կատարուած է գաղթականութեան ճգնաժամին եւ գաղթականներու տարերային հոսքին:
Նախարար Նալբանդեան դիտել տուած է, որ բնակչութեան թիւի յարաբերակցութեամբ Հայաստան կը հանդիսանայ սուրիացի գաղթականներ ընդունող երրորդ պետութիւնը Եւրոպայի մէջ:
Նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ ընթացող` Ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին վերջին զարգացումները:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը վերահաստատած է Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը Մինսքի Խմբակի համանախագահներուն կողմէ հիմնահարցի խաղաղ հանգուցալուծման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն:
Կողմերը համակարծիք էին, որ իրավիճակի սրման նպաստող ապակառուցողական քայլերը, ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը վնասակար են եւ կը ծառայեն սթաթուս քոյի երկարաձգման:
Նալբանդեան վերահաստատած է, որ Հայաստան պիտի շարունակէ հետեւողական ջանքերը` Ղարաբաղեան հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ լուծման ուղղութեամբ:
Հանդիպումին յաջորդած մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին նախարար Նալբանդեան վերահաստատած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` ամրապնդելու եւ ընդլայնելու համապարփակ համագործակցութիւնը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր մարզերուն մէջ:
Ֆետերիքա Մոկերինի շեշտած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կը սերտէ Սուրիայէն Հայաստան գաղթածներուն օժանդակելու համար Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու հարցը: Ան նշած է, որ ասիկա կարելի է ընել Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ գործող հիմնադրամներուն միջոցով, որոնք կը նպատակադրեն օժանդակել սուրիական ճգնաժամի յաղթահարման:
Հանդիպում` Հ.Հ.Կ.ի եւ Հ.Յ.Դ.ի ղեկավարներուն հետ
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ղեկավարներուն, Ազգային ժողովի յանձնախումբերու ղեկավարներուն եւ պատգամաւորներուն հետ: