Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ար­մէն Ռուս­տա­մեան, խորհր­դա­րա­նա­կան զրոյց­նե­րու ըն­թաց­քին, պա­տաս­խա­նած է լրագ­րող­նե­րը հե­տաքրք­րող հար­ցում­նե­րու:

Պա­տաս­խա­նե­լով այն դի­տար­կու­մին, թէ՝ ըստ ո­մանց, Հ.Հ. երկ­րորդ նա­խա­գահ Ռո­պերթ Քո­չա­րեա­նը քա­ղա­քա­կան դաշ­տէն դուրս ձգե

­լու մի­տում կայ եւ որ, ըստ Լե­ւոն Զու­րա­բեա­նի, այդ պատ­ճա­ռով է, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան Կու­սակ­ցու­թիւ­նը Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու քայ­լին դի­մած է, Ռուս­տա­մեան ը­սած է.- «­Զար­մա­նա­լի է, որ քա­ղա­քա­կան դաշ­տէն դուրս ձ0գե­լու հար­ցով կը մե­ղադըր­­ւին այն քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը, ո­րոնք այդ ան­ձին հետ շատ եր­կար տա­րի­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեան պատ­մու­թիւն ու­նին, իսկ այն մար­դիկ, որ դա­ւա­ճան ը­սած են այդ մար­դուն եւ զայն նկա­տած են հա­յու­թեան թիւ մէկ թշնա­մի, հի­մա դար­ձան ա­նոր պաշտ­պա՞­նը:

Ին­չո՞ւ, ի­րենք կ­՛ու­զեն, որ Քո­չա­րեա­նը ան­պայ­ման գա՞յ: Ի­րենց ի՞նչ ցաւն է, ե՞րբ ու­զած են, որ Քո­չա­րեա­նը գայ, մենք տե­ղեակ չենք: Մենք Քո­չա­րեա­նի դէմ չենք ե­ղած, մենք Քո­չա­րեա­նի հետ գոր­ծակ­ցած ենք եւ մեր յայտ­նի եօ­թը կէ­տե­րը քսան տա­րիէ ի վեր կը պաշտ­պա­նենք, եւ ա­տի­կա ե­ղած է նաեւ Քո­չա­րեա­նի ժա­մա­նակ. ոե­ւէ մէ­կուն հա­մար գաղտ­նիք չէ: Մենք այ­սօր ալ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ ենք պա­րոն Քո­չա­րեա­նին հետ, եւ ե­թէ ինք ո­րո­շէ ա­ւե­լի աշ­խոյժ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ ըլ­լալ, մենք միայն կ­՛ող­ջու­նենք ա­տի­կա», նշեց Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րը:

Լ­րագ­րող­նե­րէն մէ­կուն այն դի­տարկ­ման, թէ՝ մտա­վա­խու­թիւն չկա՞յ, որ Հ.Յ.Դ.ն­ իբ­րեւ գոր­ծի­ք կրնան օգ­տա­գոր­ծել, Ռուս­տա­մեան ար­ձա­գան­գած է. «Ո­չի՛նչ, թող մեր ծրա­գիր­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար մեզ իբ­րեւ գոր­ծի­ք օգ­տա­գոր­ծեն: Մենք ինք­ներս մի­ջոց ենք, մեր կու­սակ­ցու­թիւ­նը մի­ջոց է մեր նպա­տակ­նե­րուն հաս­նե­լու հա­մար: Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ինք­նան­պա­տակ եղած չէ, ստեղ­ծո­ւած է հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ հա­յու­թեան ծա­ռա­յե­լու հա­մար»: